Երեւանի մէջ այսօր, 20 Օգոստոսին, ժամը 09։00-ի սահմաններուն ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան դաշտային կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ քաղաքացի մը նռնակներով մտած է Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանի Բաբաջանեան փողոցի 9/16 հասցէ եւ պահանջած է տնօրինութեան, հակառակ պարագային՝ սպառնացած է՝ նռնակները պայթեցնել։ Այս մասին կը հաղորդէ shamshyan.com-ը։
Ոստիկանները քաղաքացիի հետ բանակցութիւններ վարած են, որու շնորհիւ տղամարդը, որ Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանի բնակիչ 34-ամեայ Սամուէլ Հ․-ն է, որոշ ժամանակ անց ինքնակամ ներկայացած է ոստիկաններուն եւ տեղափոխուած ոստիկանութեան Մալաթիոյ բաժին։
Փաստի առթիւ Հայաստանի քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանի քննչական բաժնէն ներս նիւթեր կը նախապատրաստուին։ Կայքի տեղեկութիւններով՝ Սամուէլ Հ․-ն հարազատներու եւ ընկերական շրջապատին բնորոշմամբ դրական բնութագիր ունի, մեծ մասնակցութիւն ունեցած է Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին։ Նռնակները քննիչի որոշմամբ առգրաւուած են։