image

Պոլսոյ Պատրիարքական Ընտրութիւնները Հանրաքուէն ե՞տք

Պոլսոյ  Պատրիարքական  Ընտրութիւնները  Հանրաքուէն ե՞տք

Պոլսոյ Պատրիարքական ընտրութիւններու վերաբերեալ  Թուրքիոյ մարմիններուն համաձայնութիւնը     կրնայ հրապարակուիլ  երկրին մէջ նախատեսուած   սահմանադրական հանրաքուէէն ետք:   Այս մասին այսօր  տեղեկութիւնը կը փոխանցէ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթը  նշելով նաեւ, որ    տուեալ տեղեկութիւնը       Թուրքիոյ նախագահ  Էրտողան  փոխանցած է   պոլսահայ համայնքի   յայտնի գործիչ (Սուրբ  Փրկիչ  հիւանդանոցի հոգաբարձութեան   եւ VADIP-ի ատենապետ)   Պետրոս Շիրինօղլուին:  Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ   Շիրինօղլու   երէկ  Անգարայի մէջ  Էրտողանի  հետ իր ունեցած   հանդիպման ընթացքին    քննարկած է համայնքը յուզող տարբեր խնդիրներ ու խօսք եղած է նաեւ     HDP կուսակցութեան անդամ եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի անդամ Կարօ Փայլանի   մասին:

Յիշեցնենք, որ թրքական մամուլին կողմէ շրջանառուող տուեալներու  համաձայն Թուրքիոյ մէջ  համապետական հանրաքուէն պիտի կայացուի  յառաջիկայ  ապրիլին:

 

 Տակաւին կ'անդրադառնանք: