Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը դատապարտէ միջազգային իրաւունքի չափանիշերու բոլոր խախատումները եւ կը միանայ միջազգային եւ տեղական դիտորդներու կոչերուն՝ ընտրութիւններու հետ կապուած խախտումներու վերաբերեալ բոլոր հաղորդումներու ամբողջական հետաքննութեան վերաբերեալ: Այս մասին ըսուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի՝ Վրաստանի մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու վերաբերեալ ուղերձին մէջ:
Ան ընդգծած է, որ 2024 թուականին միջազգային եւ տեղական դիտորդները նշած են, որ նախընտրական միջավայրի մէջ առկայ է իշխող կուսակցութեան կողմէ հանրային միջոցներու չարաշահում, ձայներու գնում եւ ընտրողներու ահաբեկում, որ նպաստած է անհաւասար միջավայրի ստեղծման եւ խաթարած հասարակութեան եւ միջազգային վստահութիւնը արդար արդիւնքի հնարաւորութեան նկատմամբ։
«Թէեւ միջազգային եւ տեղական դիտորդները համաձայնած են, որ ընտրութիւններու օրը, ընդհանուր առմամբ, լաւ կազմակերպուած է, սակայն կան խախտումներու եւ բռնութիւններու մասին հաղորդումներ: Միջազգային դիտորդները արդիւնքները չեն ճանչցած ազատ եւ արդար։ Մենք կը դատապարտենք միջազգային չափանիշերու բոլոր խախտումները եւ կը միանանք միջազգային եւ տեղական դիտորդներու կոչերուն՝ ընտրութիւններու հետ կապուած խախտումներու մասին բոլոր հաղորդումներու ամբողջական հետաքննութեան վերաբերեալ:
Մենք կոչ կ՚ընենք Վրաստանի քաղաքական առաջնորդներուն յարգելու օրէնքի գերակայութիւնը, չեղեալ համարելու հիմնարար ազատութիւնները խաթարող օրէնսդրութիւնը եւ միասին վերացնելու ընտրական գործընթացի թերութիւնները։ Վրաստանի եւրոպական եւ եւրաաթլանթեան համարկման նպատակները, որոնք ամրագրուած են երկրի սահմանադրութեամբ, կը պահանջեն, որ կառավարութիւնը յարգէ քաղաքացիական հասարակութեան անդամներու իրաւունքները եւ Վրաստանի բոլոր քաղաքացիներու հիմնարար ազատութիւնները», -ըսուած է ուղերձին մէջ: