Պոլսոյ Սկիւտարի սանուց միութիւնը օրերս փոքրիկներու համար խրախճանքով մը նշած է Բարեկենդանը։ Փոքրիկներուն նաեւ բացատրութիւններ տրուած են Բարեկենդանի աւանդութիւններուն մասին։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Ժամանակ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցաւ Բարեկենդանի խրախճանք մը։ Ձեռնարկին մասնակից փոքրիկները այս առթիւ ապրեցան մեծ խանդավառութիւն։ Ծրագրին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ վաստակաւոր կրթական մշակ Եւգինէ Ինճիտիւզէն։ Ան տղոց բացատրութիւններ տուաւ Բարեկենդանի աւանդութիւններուն մասին, հեքիաթ մը պատմեց ու սորվեցուց երգ մը։ Բոլորը այդ բացատրութիւնները լսելէ վերջ հաճելի ժամանց ունեցան, նաեւ մասնակցեցան իրենց համար սարքուած ընդունելութեան։