Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, օրերս, շնորհաւորական այցելութիւն տուած է Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուին՝ Պաքըրգիւղի քաղաքապետարանին մէջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Էքրէմ Իմամօղլուն շնորհաւորեց՝ վերընտրութեան առթիւ եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։
Այս մասին «Արեւելք» կարդաց՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ ՝
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 27 Մայիս 2024, Երկուշաբթի, ժամը 15.30-ին այցելեց Իսթանպուլի Մայր Քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուին։
Պաքըրգիւղի Մայր Քաղաքապետարանի պաշտօնարանին մէջ կայացած ընդունելութեան Նորին Ամենապատուութեան կողքին կը գտնուէին Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, ԷՐՎԱՊ-ի Վարչութեան Ատենադպիր եւ Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Լեւոն Քուզիքօղլու եւ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Հրանդ Մոսկոֆեան։
Ընդունելութեան ներկայ էր նաեւ Մահիր Փօլաթ։
Պատրիարք Հայրը յանուն համայնքի շնորհաւորեց Էքրէմ Իմամօղլուն Մայր Քաղաքապետ ընտրութեան առթիւ եւ յաջողութիւն մաղթեց։ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց, որ Իսթանպուլի նման բազմամարդ նահանգի մը սահմաններէն ներս ծառայութիւն մատուցելու դժուարութիւնները եւ յայտնեց, որ կը մնայ աղօթող, որպէսզի Աստուած կարողութիւն եւ իմաստութիւն պարգեւէ իր առաքելութեան մէջ։
Մեծայարգ Քաղաքապետը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն փափկավարական այցելութեան եւ եղած բարեմաղթութեանց համար։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս առթիւ ներկայացուց կարգ մը հարցեր, որոնք կը կարօտէին քաղաքապետարանի օժանդակութեան կարելիութեան սահմաններուն մէջ։ Քաղաքապետը ներկայացուած հարցերը յանձնեց Մահիր Փօլաթի ուշադրութեան եւ տնօրինեց որ պատշաճ ուսումնասիրութիւնները կատարուին եւ պատրաստուի տեղեկագիր մը։
Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար եւ որպէս յիշատակ այս այցելութեան, նուիրեց փայտեայ փորագրուած պտղաման մը եւ Լեւոն Լաճիկեանի «Պոլիսը՝ Հին եւ Նոր» աշխատասիրութենէն օրինակ մը։