image

 Պոլսոյ մէջ. Ազնիւ բարերահուհի Սելմա Իսքէնտէրէօզի վերջին հրաժեշտը 

 Պոլսոյ մէջ. Ազնիւ բարերահուհի Սելմա Իսքէնտէրէօզի վերջին հրաժեշտը 

Օրերս Պոլսոյ մէջ հարազատներու եւ ազգային-եկեղեցական շրջանակներու ներկայութեամբ վերջին հրաժեշտով մը հողին յանձնուած է համայնքի նուիրեալ անդամներէն, բարերարուհի՝ Սելմա Իսքէնտէրէօզի յոգնատանջ մարմինը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն։

Ստորեւ լրատւութիւնը՝

Երէկ, 24 Սեպտեմբերի կէսօրուայ ժամերուն Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ համայնքային գործիչ Սելմա Իսքէնտէրէօզի յուղարկաւորութիւնը։ Ամեն. Պատրիարք Հայրը որպէս սգակիր մասնակցեցաւ արարողութեան, սգակիր կանգնեցան նաեւ Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան Ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ համայնքային այլ գործիչներ։

Յուղարկաւորութեան կարգը կատարեց Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ դամբանական մը խօսելով վեր առաւ նորոգ հանգուցեալի արժանիքները։

Յետոյ հանգուցեալը հողին յանձնուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան մէջ։

 

Լուսանկար Թամար Քաջ։