image

Պոլսոյ մէջ. 24 Ապրիլը նշուեցաւ Սուրբ Պատարագի մատուցմամբ

Պոլսոյ մէջ. 24 Ապրիլը նշուեցաւ Սուրբ Պատարագի մատուցմամբ

Վերջին տարիներուն աւանդութիւն դարձած Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակութիւնը այս տարի եւս տեղի ունեցաւ Սուրբ Պատարագի մատուցմամբ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւններ քաղեց Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին ինկած Ս. Նահատակներ 24 Ապրիլ 2024, Չորեքշաբթի առաւօտ, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ յիշատակուեցան։ Արարողութեան նախագահեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, իր շուրջ ունենալով Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանը, Աթոռոյս միաբան հայրերը եւ քահանայից դասը։ Ս. Պատարագին մասնակցեցաւ Թուրքիոյ Հայ Կաթոլիկ համայնքի վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան, ընկերակցութեամբ Գերպ. Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանի եւ Բրկ. Ժան Աճէմօղլուի։ 

Արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Հայաստանի Մշտական Ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Արժ. Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներ, ուրարակիրներ։

Երգեցողութիւնները կատարեցին քահանայից դասու անդամներ եւ ուխտաւոր դպիրներ, ղեկավարութեամբ Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի։ Տէրունական Աղօթքէն առաջ Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան կարդաց Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Վսեմ. Ռէճէպ Թայյիպ Էրտողանի նոյն օրուան այթիւ հրատարակած պատգամը։ Ապա Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ իր պատգամը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի՝ Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ կատարուեցաւ Ս. Նահատակներու բարեխօսութեան կարգ։