Պոլսոյ հայ համայնքէն, «Մարմարա»ի աշխատակից լրագրող Կարպիս Քէշիշօղլուն պարգեւատրուած է Թուրքիոյ Լրագրողներու միութեան կողմէն, այս մասին կը հաղորդէ «Մարմարա»ն:
Չորեքշաբթի, 27 Յունիսին, Թուրքիոյ Լրագրողներու միութեան հիմնարկութեան 72ամեակին առթիւ, նոյն միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցած է հաւաքոյթ մը, որուն բացման խօսքը արտասանած է Լրագրողներու միութեան ատենապետ Թուրկայ Օլճայթօ։
Մեծարուեցան 1936-1937 ծնունդ 47 վաստակաշատ լրագրողներ, որոնցմէ մէկն էր Կարպիս Քէշիշօղլուն, որ այս առիթով ստացած է յուշանուէր: Այնուհետեւ Միութեան սրահին մէջ ճաշկերոյթ տեղի ունեցած է։
Յայտնենք, որ Թուրքիոյ Լրագրողներու միութիւնը հիմնուած էր 10 Յունիս 1946ին, որուն առաջին ատենապետը եղած է Սետաթ Սիմավի։