Այսօր 5,8 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ տեղի ունեցած է Միջերկրական ծովու ափամերձ Մարմարիս քաղաքին մէջ, յայտնած է Թուրքիոյ աղէտներու կառավարման գործակալութիւնը։ Տասնեակ մարդիկ վնասուածքներ ստացած են, քանի որ խուճապահար փորձած են ցատկել շէնքերէն։
Երկրաշարժը զգացուած է հարեւան շրջաններու մէջ, այդ շարքին՝ յունական Ռոտոս կղզիի մէջ։
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքաեան X հարթակի միջոցաւ յայտարարած է, որ 14-ամեայ աղջիկ մը տեղափոխուած է հիւանդանոց եւ մահացած այնտեղ՝ խուճապային տագնապի պատճառով: Յայտնի չէ, թէ արդեօք ան որեւէ քրոնիկ հիւանդութիւն ունէր, թէ ոչ։ Նախարարը նշած է, որ գրեթէ 70 մարդ բուժօգնութիւն ստացած են պատուհաններէն կամ պատշգամբներէն խուճապահար ցատկելէ ետք ստացած վնասուածքներէն: Ան աւելցուցած է, որ շէնքերու վնասման մասին տեղեկութիւններ չեն եղած։
Թուրքիան կը գտնուի խոշոր բեկուածքներու վրայ, եւ երկրաշարժերն այնտեղ յաճախ կ՚ըլլան։
2023-ին, 7,8 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժը Թուրքիոյ մէջ խլած է աւելի քան 53,000 մարդու կեանք եւ աւերած կամ վնասած հարիւր հազարաւոր շէնքեր 11 հարաւային եւ հարաւարեւելեան նահանգներու մէջ։ Եւս 6,000 մարդ զոհուած է Սուրիոյ հիւսիսային մասերուն մէջ։