image

Պոլսոյ Ամեն. Պատրիարք հօր՝ Ծայրագոյն Վարդապետի տաս աստիճաններու շնորհում

Պոլսոյ Ամեն. Պատրիարք հօր՝ Ծայրագոյն Վարդապետի տաս աստիճաններու շնորհում

Օրեր առաջ Պոլսոյ Սուրբ Աստուածածին Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած յատուկ արարողութեան ընթացքին Ծայրագոյն վարդապետի տաս աստիճաններ շնորհուած են Պոլսոյ Հայոց Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքին։

Այս մասին կը կարդանք՝ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 8 Ապրիլ 2024, Երկուշաբթի, միջօրէին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ յատուկ արարողութեամբ ստացաւ Ծայրագոյն Վարդապետութեան տասը աստիճանները։ 

Մեր Հոգեւոր Պետը, որ պարագաներու բերումով ժամանակին չէր ստացած Հայ Եկեղեցւոյ Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճանները, զանոնք այս արարողութեամբ ստացաւ Կրետէի Հայոց Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Եզնիկ Արքեպս. Պետրոսեանէ։

Խարտաւիլակութեան պաշտօնը կատարեց Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան։ Տուչութեան արարողութեան մասնակցեցան Աթոռոյս միաբան հայրերը, քահանայից դասը եւ ժառանգաւոր սաներ։ Միաբան հայրեր ժամը 12.00-ին Պատրիարքարանէն Մայր Տաճար առաջնորդեցին Նորին Ամենապատուութիւնը։ Այստեղ Գերշ. Տ. Եզնիկ Արքեպս. աղօթքներով մեր Հոգեւոր Պետին յանձնեց Ծայրագոյն Վարդապետութեան խորհրդանիշ՝ սպիտակ քօղով ծածկուած գաւազանը։ 

Հանդիսադիր Սրբազան Հայրը հուսկ կարդաց Ս. Գրիգոր Տաթեւացի Հայրապետի մեծ աղօթքը։ Ապա շնորհաւորական խօսք ուղղեց եւ ըսաւ որ աւարտած արարողութեամբ Ս. Հոգին Նորին Ամենապատուութեան շնորհեց Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճանները։

Պատրիարք Հայրը, ըլլալով Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներէն մէկու գահակալը՝ արդէն վարչական բարձրագոյն գագաթը հասած է, իսկ այս տուչութեամբ իրենց լրումին հասան Նորին Ամենապատուութեան վարդապետական աստիճանները։ Ան իր քարոզներով ու պատգամներով արդէն վաղուց արժանի էր այս աստիճաններուն։

Սրբազան Հայրը յիշեցուց, որ Տէր Յիսուս Քրիստոս իր աշակերտները ղրկեց ոչ թէ վարչային մարդիկ ըլլալու, այլ Աստուծոյ Խօսքը քարոզելու։ Պատրիարք Հայրն ալ իր վարչական պաշտօններուն զուգահեռ այս է որ կ'ընէ։ Սրբազան Հայրը կարողութիւն մաղթեց ու շնորհաւորեց Պատրիարք Հայրը։ 

Ապա շնորհակալութեան խօսքով հանդէս եկաւ Նորին Ամենապատուութիւնը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Գերշ. Տ. Եզնիկ Արքեպիսկոպոսին, որ կատարեց տուչութիւնը, Գերշ. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոսին, որ կատարեց խարտաւիլակութեան պաշտօնը եւ առ հասարակ բոլորին, որոնք իրենց աղօթքներով մասնակցեցան այս արարողութեան։

Պատրիարք Հայրը յիշեցուց, որ ժամանակին վանքերու մէջ միայն մէկ հոգի ծայրագոյն վարդապետ կ'ըլլար, յետոյ անոնց կատարած տուչութեամբ բազմացաւ։ Իսկ պատրիարքներու պարագային ծայրագնութիւնը աստիճաններու կատարելութիւնն էր։ Գահակալներ կրնան չունենալ այս աստիճանը։ 

Խօսքի աւարտին Պատրիարք Հայրը ըսաւ, որ վարդապետութիւնը լոկ ստանալիք ու գործածելիք տիտղոս մը չէ, այլ կարդալու, ուսանելու եւ յառաջդիմելու ուղի է։ Մեր Հոգեւոր Պետը ուշադրութիւն հրաւիրեց աստուածաբանութեան ընդարձակ նիւթին, որուն մէկ կաթիլն իսկ գիտնալ մեծ բան է եւ խրատեց բոլորին միշտ շարունակել ուսանիլ եւ ցմահ ուսանող, աշակերտ մնալ, հեռու կենալով հպարտութեան ախտէն։ 

Խօսքերու աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը առաջնորդուեցաւ խորհրդարան, ուր ընդունեց շնորհաւորութիւնները։