image

Պոլսէն ոգեւորող լուր. Գերյ. Հայր Վարդան ծ.վրդ. Գազանճեան «Պատրիարքական կառավարիչ» Հայ Կաթողիկէ համայնքին

Պոլսէն ոգեւորող լուր. Գերյ. Հայր Վարդան ծ.վրդ. Գազանճեան «Պատրիարքական կառավարիչ» Հայ Կաթողիկէ համայնքին

Պոլիսէն ոգեւորող լուր ստացանք։ Օրերս յատուկ սիւնհոդոսի աւարտին եւ ի լրումն Արհի. Տ. Լեւոն արք. Զէքիեանի առաջնորդական գործունէութեան ու հրաժարականին, նախագահութեամբ Հայ Կաթողիկէ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարքի եւ մասնակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպասական դասու անդամ հայրերուն, համայնքի երիտասարդ եւ ժրաջան անդամներէն՝ Գերյ. Հայր Վարդան ծ.վրդ. Գազանճեան նշանակուած է Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց «Պատրիարքական կառավարիչ»։

«Արեւելք» իր ցնծութիւնը կ՚արտայայտէ այս ոգեւորիչ լուրին առընթեր ստորեւ ներկայացնելով այդ առթիւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան դիւանին կողմէ  հրապարակուած հաղորդագրութիւնը։

Նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարքի եւ մասնակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ Արհիապատիւ Սիւնհոդոսական Հայրերու 2024 թուականի Սեպտեմբեր 09 – 12 Զմմառու Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Արտաքոյ կարգի ընտրական Սիւնհոդոս մը, որուն ընթացքին ընդունուեցաւ Կ.Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Աւագ թեմին Առաջնորդ Արհիապատիւ Տէր Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանին ներկայացուցած հրաժարականը:

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան անունով երախտագիտութիւն կը յայտնենք Արհիապատիւ Տէր Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանին պտղաբեր եւ առաքելաջան Առաջնորդութեան համար:

Այսու կը տեղեկացնենք որ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տիրոջ տնօրինութեամբ սոյն թուականի Հոկտեմբեր 02–ին մինչ այս նոյն Աւագ թեմին մէջ ծառայող Գերյարգելի Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանը անուանուեցաւ Կ.Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Աւագ թեմին «Պատրիարքական Կառավարիչ»:

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան անունով կը շնորհաւորենք Գերյարգելի Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանը՝ մաղթելով անոր բեղուն առաքելութիւն եւ հայցելով Զմմառու Տիրամօր բարեխօսութիւնը իր անձին եւ Կ.Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Աւագ թեմին հաւատաւոր ժողովուրդին: