image

Հովուական այցը Էլազըղի մեր համայնքին

Հովուական այցը Էլազըղի մեր համայնքին

Տէր Հայրը զրուցեց տեղւոյն մերազն ժողովուրդի անդամներուն հետ:

Էլազըղի մեր ժողովուրդը Տէր Հօր անձին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր:

Տէր Հայրը նոյն գիշեր վերադարձաւ Հաթայ։

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի պաշտօնական էջէն կը կարդանք ՝

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրամանաւ եւ օրհնութեամբ, Հաթայի եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ եւ գաւառի տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան ընկերակցութեամբ Բրկ. Եուսուֆ Ուրարակիր Դպիր Թապաշի, մեկնեցաւ Էլազըղ եւ 23 Օգոստոս 2026, Կիրակի առաւօտ, տեղւոյն Գերեզմանատան Ս. Նշան մատրան մէջ Ս. Պատարագ մատոյց:

Տէր Հայրը ի ժամ Ս. Պատարագի փոխանցեց Նորին Ամենապատուութեան հայրական ողջոյններն ու օրհնութիւնը, ապա քարոզեց Ս. Կոյս Աստուծամօր «Քու խօսքիդ համաձայն թող ըլլայ ինծի» (Ղուկաս 1.38) խօսքը բնաբան առնելով եւ բացատրեց Ս. Կոյսի Վերափոխման տօնը։ 

Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրկ. Եուսուֆ Ուր. Դպիր Թապաշ, Բրկ. Մինաս Դպ. Թապաշեան: Արարողութեան մասնակցեցան տեղւոյն փոքրաթիւ հայ համայնքի անդամները:

Յաւարտ Ս. Պատարագի, ի նշան տարւոյն պտղաբերութեան, կատարուեցաւ խաղողի օրհնութիւն եւ բաժնուեցաւ հաւատացեալներուն։

Այստեղ, յանուն Էլազըղի մեր համայնքի, Արման Եաղճը յուշատախտակ մը յանձնեց Տէր Հօր՝ ի նշան իրենց երախտագիտութեան:

Ապա այցելութիւն տրուեցաւ տեղւոյն գերեզմանատան շիրիմներուն եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:

Տէր Հայրը զրուցեց տեղւոյն մերազն ժողովուրդի անդամներուն հետ:

Էլազըղի մեր ժողովուրդը Տէր Հօր անձին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր:

Տէր Հայրը նոյն գիշեր վերադարձաւ Հաթայ։