Միաժամանակ Վահագն Քիւփէլեանի եւ իր ընտանիքի աջակցութեամբ սկսած է հրատարակչական գործ մը, որու արդիւնքին լոյս պիտի տեսնեն Սիրան Սեզայի նամակները՝ չորս հատորով: Արդէն լոյս տեսած է շարքի Ա. հատորը (խմբագիր՝ Գէորգ Եազըճեան), որ կ՚ընդգրկէ Սեզայի նամակագրութիւնը Վահէ Վահեանի եւ Անդրանիկ Ծառուկեանի հետ՝ համապատասխանաբար 1932-1955 եւ 1933-1948 ժամանակաշրջաններուն:
Սիրան Սեզայի արխիւը մշակելէ յետոյ թանգարանի մասնագէտներ յայտնած են, որ զայն հարուստ է թէ՛ իր գեղարուեստական ստեղծագործութիւններու ինքնագիրներով եւ թէ իր ժամանակի գրական կեանքը արտացոլող բազմաթիւ վաւերագիրներով։
Պոլսահայ գրագիտուհիի՝ Հայաստանին փոխանցուած արխիւը կը պարունակէ աւելի քան երկու հազար միաւոր՝ գեղարուեստական գործերու ինքնագիրներ, գրած եւ ստացած նամակներ, անձնական փաստաթուղթեր, օրագրութիւններ, գրողին եւ անոր հարազատներուն առընչուող վաւերագիրներ, այլ անձերու փաստաթուղթեր, լուսանկարներ եւ այլ նիւթեր։
Հայաստանի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը վերանորոգումի փուլին մէջ է, իսկ այս շրջանին ամբողջութեամբ չ՚աշխատիր թանգարանը: Օգոստոսին նոր շունչով պիտի կատարուի թանգարանին վերաբացումը, եւ հետազօտողներն ու այցելուները ոչ միայն նորոգուած սենեակներ պիտի տեսնեն, այլեւ՝ նորութիւններ:
Ի թիւս այլ նիւթերու, հետազօտողներուն հասանելի պիտի ըլլայ նաեւ պոլսահայ նշանաւոր գրող, հրապարակախօս, հասարակական-քաղաքական գործիչ Սիրան Սեզայի (Սիրան Զարիֆեան-Քիւփէլեան) մեծարժէք արխիւը: Արխիւին գիտական մշակումը աւարտած էր տակաւին անցեալ տարի: Զայն Հայաստանին նուիրաբերած էր Սիրան Սեզայի միակ զաւակը՝ ամերիկաբնակ Վահագն Քիւփէլեան (ծնած 1938 թուականին)՝ համոզուած ըլլալով, որ պատմական նշանակութիւն ունեցող այդ արխիւին վերջին հանգրուանը Հայաստանն է, ուր գիտնականներ, գրականագէտներ ուսումնասիրելով նիւթերը՝ յատկանշական դրուագներ մէջտեղ կը բերեն Պոլիս, Պէյրութ եւ այլ քաղաքներ ապրած գրագիտուհիի կեանքէն:
Միաժամանակ Վահագն Քիւփէլեանի եւ իր ընտանիքի աջակցութեամբ սկսած է հրատարակչական գործ մը, որու արդիւնքին լոյս պիտի տեսնեն Սիրան Սեզայի նամակները՝ չորս հատորով: Արդէն լոյս տեսած է շարքի Ա. հատորը (խմբագիր՝ Գէորգ Եազըճեան), որ կ՚ընդգրկէ Սեզայի նամակագրութիւնը Վահէ Վահեանի եւ Անդրանիկ Ծառուկեանի հետ՝ համապատասխանաբար 1932-1955 եւ 1933-1948 ժամանակաշրջաններուն:
Սիրան Սեզայի արխիւը մշակելէ յետոյ թանգարանի մասնագէտներ յայտնած են, որ զայն հարուստ է թէ՛ իր գեղարուեստական ստեղծագործութիւններու ինքնագիրներով եւ թէ իր ժամանակի գրական կեանքը արտացոլող բազմաթիւ վաւերագիրներով։
Պոլսահայ գրագիտուհիի՝ Հայաստանին փոխանցուած արխիւը կը պարունակէ աւելի քան երկու հազար միաւոր՝ գեղարուեստական գործերու ինքնագիրներ, գրած եւ ստացած նամակներ, անձնական փաստաթուղթեր, օրագրութիւններ, գրողին եւ անոր հարազատներուն առընչուող վաւերագիրներ, այլ անձերու փաստաթուղթեր, լուսանկարներ եւ այլ նիւթեր։
Յատկանշական է մանաւանդ Սեզայի մեծարժէք նամակագրութիւնը նշանաւոր մտաւորականներու եւ գրողներու հետ. ինչպէս՝ Վազգէն Շուշանեան, Անդրանիկ Անդրէասեան, Աւետիս Ահարոնեան, Վարդգէս Ահարոնեան, Լէյլան (Մովսէս Տէր-Գալուստեան), Անդրանիկ Ծառուկեան, Համաստեղ, Գուրգէն Մահարի, Հայկանոյշ Մառք, Շաւարշ Միսաքեան, Վահան Նաւասարդեան, Մաննիկ Պէրպէրեան, Վահէ Վահեան, Մառի Աթմաճեան, Արշակ Ալպօյաճեան, Ներսէս Ակինեան, Համօ Օհանջանեան, Զապէլ Ասատուր, Գարեգին Կաթողիկոս Յովսէփեան, Արմէն Գալֆայեան եւ այլք: Զանազան երկիրներու մէջ ապրած եւ գործած այս մտաւորականութեան հետ նամակագրութիւնը բնականաբար զուտ երկու անձերու գրագրութիւն մը չէ, այլ նաեւ բազում շահեկան մանրամասնութիւններ կը պարունակէ սփիւռքի, ընդհանրապէս՝ հայութեան գրական եւ հասարակական կեանքի մասին։
Թանգարանէն տեղեկացանք նաեւ, որ Սիրան Սեզայի արխիւը մշակած է «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի գրական բաժնի աւագ գիտաշխատող Լաուրա Վիրաբեան:
Այս արխիւի փոխադրութիւնը իր պատմութիւնը ունի, որու մասին պատմած է տքթ. Մինաս Գոճայեան:
«ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁ» ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱ
ՏՔԹ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
…Հանգամանքներու բերումով բարեբախտութիւնը կ՚ունենայինք տիկինս ու ես ծանօթանալու գրագիտուհիին միակ զաւկին՝ Վահագնին եւ հարսին՝ քանդակագործ Անի (Մանուկեան) Քիւփէլեաններուն հետ: Թէեւ ես Լիբանանէն ծանօթ էի «Տիկնանց Տիկինին» եւ լսած էի բազում դրուագներ իր կեանքէն, սակայն երբ զաւկին քաջալերանքով տիկնոջս հետ միասին կը ծանօթանայինք հազարաւոր էջերով ձեռագիր եւ անտիպ մշակութային, գրական ու հրապարակագրական ժառանգութեան, մեր առօրեան կը մտնէր նոր հունի մը մէջ եւ կեանքը կը ստանար նոր բովանդակութիւն մը: Արդիւնք՝ լոյս տեսան երկու յուշագրական վէպեր՝ «Գիրք ծննդոց» (2014), «Խորտակուած կեանքեր» (2015, Լոս Անճելըս):
Սակայն մի՛շտ մտահոգութիւն մըն էր զաւկին եւ մեզի համար Սեզայի արժէքաւոր ձեռագիրներուն եւ հարուստ նամակագրութեան ապագան: Ի՞նչ ապագայ կը սպասուէր այս հարստութեան, ո՞վ տէր պիտի կենար ձեռագիրներուն, որոնց մէջ կային հսկայական տեղեկութիւններ նախապատերազմեան (Բ.) շրջանի մտաւորական կեանքին, մշակութային եռուզեռին եւ կամաց կամաց ոտքի կանգնող սփիւռքին մասին: Մտահոգուած էինք եւ կը մտածէինք՝ ապագային հետաքրքրուողներ պիտի ըլլայի՞ն այս երկիրներուն մէջ…
Կամաց կամաց դառն գուշակութիւնները կը մղէին զաւակն ու հարսը, նաեւ մեզ, լուրջ որոշումներ առնելու: Եւ օր մըն ալ Վահագն Քիւփէլեանն ու տիկինը՝ Անին հարցուցին անխուսափելի հարցումը.
-Այս ձեռագիրները ի՞նչ պիտի ըլլան, ի՞նչ կը մտածէք դուք…
Պատասխանը մէկ էր.
-Եկէք հաւաքենք եւ մեզի հետ փոխադրենք Հայաստան:
Այդպէս ալ եղաւ եւ կարճ բանակցութիւններէ ետք որոշուեցաւ Սեզայի ժառանգութիւնը յանձնել Հայաստանի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան թանգարանին, որուն տնօրէնն էր արտակարգօրէն բարեխիղճ Կարօ Վարդանեանը: Եւ այսպէս երեք ճամպրուկ ձեռագիրները 2021-ի սեպտեմբեր 1-ին ձեռամբ փոխադրուեցան հայրենիք:
Պատուիրակութիւնը բաղկացած էր չորս անդամ-անդամուհիներէ՝ տէր եւ տիկին Վահագն եւ Անի Քիւփէլեաններ, փրոֆ. Սիլվա Գարայեան եւ տիկին Նազիկ Գոճայեան:
Ուրախ էինք բոլորս ալ, որ վերջապէս քոյր եւ եղբայր՝ Մատթէոս եւ Սիրան (Սեզա) Զարիֆեանները կը հանգրուանէին նոյն յարկին տակ, քով-քովի, ինչպէս եղած էին ողջութեան:
Համեստ արարողութեամբ մը Սեզան կը հայրենադարձուէր յետ մահու եւ այսուհետեւ իր ամբողջ հարուստ հաւաքածոն կը դրուէր հայրենի բանասէրին եւ ուսանող-ուսանողուհիին տրամադրութեան տակ: Յանձնման խորհրդանշական արարողութեան ներկայ էին քանի մը մտաւորականներ միայն, որոնց մէջ էին Սուրէն Դանիէլեան, պատմաբան եւ բանասէր Գէորգ Եազըճեան, թանգարանի տնօրէն Կարօ Վարդանեան, որոնք իրենց ելոյթներով սերտօրէն շեշտեցին Սեզայի հարուստ արխիվին ունեցած նշանակութիւնը՝ հայ մշակոյթին համար: Տիկին Նազիկ Գոճայեան ներկայացուց բովանդակութիւնը եւ մեծ գրողին վաստակը հայ գրականութեան անդաստանէն ներս՝ յատկապէս պոլսահայ եւ սփիւռքահայ կեանքի ուսումնասիրութեան առումով: «Անկախ» թերթը անդրադարձ մը ունեցաւ:
…Ի հարկէ, խորհրդածելու տեղիք տուաւ հայրենի մտաւորականութեան եւ մամուլի ճչացող բացակայութիւնը, որ վերջերս զգալի երեւոյթ դարձած է երկրին մէջ: Բայց կարեւոր չէ այդ, քանի որ Սիրան Սեզա կը հանգրուանէր հայրենիքի մէջ:
Մեզի կը մնայ յուսալ, որ ներկայի «ձախորդ օրերը կու գան ու կ՚երթան», եւ կը հասնի սերունդ մը, որ կը գիտակցի այս հայրենադարձութեան կարեւորութեան եւ մեղուի պէս սնունդ կը քաղէ Սիրան Սեզայի արխիւէն:
ՀԱՄԱՌՕՏ ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ
Սիրան Զարիֆեան ծնած է Սկիւտար՝ 1902 թուականին, Զարիֆեաններու ընտանիքին մէջ։ Ծնողքը եղած են ուսումնասէր մարդիկ։ Մայրը՝ Հռիփսիմէն (1864-1948թթ.) եղած է Վենետիկէն գաղթած ընտանիքի, իսկ հայրը՝ վաճառական Տաճատ Զարիֆեանը (1860-1935թթ.) Կովկասէն գաղթած ընտանիքի զաւակ։
Զարիֆեան ամուսինները ունեցած են վեց երեխայ, իբրեւ հոգեզաւակ ալ վերցուցած են Օննիկ Արապեանը (որ կանուխ տարիքին մահացած է)։ Անոնց զաւակներէն կրտսերը մեծանուն բանաստեղծ, վաղամեռիկ Մատթէոս Զարիֆեանն էր (1894-1924թթ.), աւագ որդին՝ Վահագն Զարիֆեանը, որ հօր հետ զբաղած է վաճառականութեամբ, աշխատած է Լոնտոն, Նիւ Եորք, 1910 թուականին վերադարձած՝ Պոլիս եւ թոքերու հիւանդութենէն մահացած երիտասարդ հասակին: Դուստրերէն աւագը Պերճուհին էր (ամուսնացած գործարար Կիւլպենկ Կիւլպէնկեանին հետ), որու դուստրերէն մին ժամանակին մեծ հեղինակութիւն վայելած, Համազգայինի տնօրէն Եոլանտ Աճէմեանն էր (ամուսնացած ծաղրանկարիչ Տիրան Աճէմեանի հետ)։
Պերճուհիի կրտսեր դուստրը՝ Միրալտան, բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանի կինն էր։ Զարիֆեան ընտանիքի միջնեկ դուստրը Նուարդն էր՝ ամուսնացած Տիգրան Չպլաքեանի հետ։ Սիրանի կրտսեր քոյրը Լիւսին էր (1903-1987թթ.), որ ամուսնացած էր բժիշկ Վահրամ Փոթուքեանի հետ, ապա 1937 թուականին, անոր մահէն յետոյ երկրորդ անգամ ամուսնացած էր Տիգրան Թոսպաթի հետ։ Լիւսի եւ Տիգրան Թոսպաթները միասին խմբագրած են ֆրանսերէն հրատարակուող «Այգ» օրաթերթը։
Սիրան Զարիֆեան իր սկզբնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ Մուսալլա թաղամասին մէջ գտնուող աղջկանց անգլիական վարժարանը (1909-1913 թուականներուն), Ատաբազարի հայուհեաց (օրիորդաց) Գալֆաեան բարձրագոյն վարժարանը (1913-1917 թուականներուն)։
1918-1921 թուականներուն ան ուսումը շարունակած է ամերիկեան միսիոնարներու՝ Պոլսոյ մէջ հիմնած Ռոպերթ քոլէճին մէջ։ Այս դպրոցին մէջ, ուր կը գերակշռէին ազգութեամբ հայ, յոյն եւ պուլկարացի օրիորդները, կը դասաւանդուէր հայերէն, անգլերեն, ֆրանսերէն, արաբերէն լեզուներ: 1921 թուականին քոլէճը աւարտելէ յետոյ Սիրան Սեզան փափաքած է ուսումը շարունակել ԱՄՆ-ի մէջ եւ ուսումնասիրել իրաւագիտութիւն, բայց դեսպանատունը զայն մերժած է։ Զարիֆեաններու ընտանիքը 1922 թուականին լքած է Պոլիսը եւ բնակութիւն հաստատած Պէյրութ:
Իր նախապէս ստացած կրթութեան արդիւնքին Սիրան Սեզա լիարժէք տիրապետած է հայերէնի, անգլերէնի, ֆրանսերէնի եւ արաբերէնի, բայց, յետոյ, ապրելով արաբական միջավայրին մէջ, չէ գործածած արաբերէնը, մինչդեռ անգլերէնէ ու ֆրանսերէնէ կատարած է մեծաթիւ թարգմանութիւններ։
1926-1929 թուականներուն Սիրան Զարիֆեան ամուսնացած էր դաշնակցական գործիչ, գանձակեցի Ալեքսանտր Մարգարեանին հետ։ Այդ տարիներուն Սեզան աշխատած է Ալեքսանդրիոյ մէջ գտնուող ամերիկեան դեսպանատունը՝ որպէս համառօտագրող գրաշարուհի, իսկ ամուսինը Գասպար Իփէքեանի գլխաւորած «Ա. Կամսարական ընկերութեան» աշխատակից էր, ապա՝ տեղւոյն Պօղոսեան ազգային վարժարանին մէջ Նիկոլ Աղբալեանի հետ կ՚աշխատէր որպէս տեսուչ, կը զբաղէր մանկավարժութեամբ։ 1926-1929 թուականներու միջեւ Սիրան եւ Ալեքսանտր Մարգարեանները մտերիմ էին Նիկոլ Աղբալեանի եւ Համօ Օհանջանեանի հետ։
Ուսումը շարունակելու նպատակով Սիրան Զարիֆեանը (որպէս պարսկահպատակ) 1929 թուականի վերջին ամուսնոյն հովանաւորութեամբ կը մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ 1930-1932 թուականերուն փիլիսոփայութիւն կը սորվի Նիւ Եորքի Քոլումպիայի համալսարանին մէջ: Արուեստի մագիստրոսի կոչումը ստանալէ յետոյ կը վերադառնայ Պէյրութ, ուր 1932 թուականներու վերջերուն կը հրատարակէ «Երիտասարդ հայուհի» երկշաբաթաթերթը։
Հրատարակութիւնը կ՚ընդհատուի 1934 թուականին, ապա մեծ ընդմիջումէ յետոյ կը վերահրատարակուի 1947-1968 թուականներուն: «Երիտասարդ հայուհի»ն եղած է այն ամպիոնը, ուրկէ հնչած է գրագիտուհիին եւ իր համախոհներուն ձայնը: Երկրորդ անգամ Սիրան Սեզան ամուսնացած է 1938 թուականին՝ բժիշկ Ներսէս Քիւփէլեանի (1909 Ուրֆա-1965 Պէյրութ) հետ։ «Երիտասարդ հայուհի» ամսագրի գոյութիւնը մեծ մասամբ պայմանաւորուած էր անոր ամուսնոյն՝ Ներսէս Քիւփէլեանի նիւթական աջակցութեամբ եւ բարի կամքով։ Ներսէս Քիւփէլեան, որպէս յառաջատար բժիշկ, աշխատած է Իրաքի Քերքիւք քաղաքին մէջ, Լիբանանի Ռայաք շրջանը: Ան շատ գրասէր մարդ եղած է. իր հովանաւորած ամսագրի էջերուն մէջ յաճախ տպուած են նաեւ բժիշկ Ներսէս Քիւփէլեանի գրած ո՛չ միայն մասնագիտական բնոյթի, այլեւ՝ գրականագիտական յօդուածները, ֆրանսերէնէ կատարած թարգմանութիւնները:
Սիրան Զարիֆեան գրած է պատմուածքներ, վէպեր, վիպակներ, յօդուածներ, գրականագիտական վերլուծութիւններ, կատարած է թարգմանութիւններ։ Ան շատ զբաղած է հայ կնոջ դերի բարձրացմամբ, հասարակական կեանքին մէջ անոր ունեցած տեղը մեծցնելու խնդիրով։ Որպէս յառաջադէմ կին գործիչ՝ Սիրան Սեզա Լիբանանի արաբական միջավայրին մէջ նոյն դերը ունեցած է, ինչպէս՝ Հայկանոյշ Մառքը՝ Պոլսի թրքական միջավայրին մէջ։
Սիրան Զարիֆեանի կատարած նշանակալի գործերէն մէկն ալ այն եղած է, որ ան Վահէ Վահեանի հետ պատրաստած եւ հրատարակած է եղբօր՝ Մատթէոս Զարիֆեանի գրական ժառանգութիւնը, անտիպ օրագրութիւնները («Ամբողջական գործեր», Պէյրութ, 1956)։
Սիրան Սեզա մահացած է 1973 թուականին: Անոր գերեզմանաքարին գրուած են իր խօսքերը.
«Գրագիտուհի Սիրան Սեզա.
Ազգի մը սիրտը կինն է,
Ցեղի մը վէմը կինն է»։
(Ըստ «Եղիշէ Չարենց» թանգարանի նիւթերու)
Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս