Աշխարհը կը ներքաշուի սպառազինութիւններու, այդ շարքին՝ միջուկային, հերթական խենթ մրցավազքի մէջ, եւ այժմ կարեւոր է ընել ամէն ինչ՝ թոյլ չտալու համար նոր համաշխարհային սպանդ, ըսած է Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն երկուշաբթի օր՝ երկրի ուժային կառոյցներու սպաներուն պետական պարգեւներու եւ զօրավարական ուսադիրներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ։
«Արեւմուտքի կողմէ նպատակաուղղուած կերպով կը հրահրուի ռազմական խուճապ, անդադար կ՚աճին ՆԱԹՕ-ի ռազմական պիւտճէները, կ՚արագնան Եւրոպայի, յատկապէս մեր արեւմտեան հարեւաններու ռազմականացման ընթացքը», - ընդգծած է նախագահը։
Ան նշած է, որ զսպումներու եւ հակակշիռներու համակարգը, որ նախապէս կ՚ապահովէր համաեւրոպական անվտանգութիւնը, քայքայուած է։
«Աշխարհը կը ներքաշուի սպառազինութիւններու հերթական խենթ մրցավազքի մէջ։ Այդ շարքին՝ միջուկային», - ըսած է Լուքաշենքօն։
Նման պայմաններու մէջ նախագահը մոլորակի վրայ ապրող բարի կամքի տէր բոլոր մարդոց հիմնական խնդիրը կը համարէ ընել հնարաւորն ու անհնարինը՝ նոր համաշխարհային սպանդ թոյլ չտալու համար։