«Արեւելք»ի Անգարայի աղբիւրը կը յայտնէ, որ Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ վարժարանի աշակերտներու խումբ մը օրերս ծանօթացման այցելութիւն տուած է Անգարա:
Մեր աղբիւրին փոխանցմամբ 34 աշակերտներէ եւ 7 ուսուցիչներէ բաղկացող խումբը առաջնորդած է Պոլսոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Տ. Լեւոն արք. Զէքիեան: Ինչպէս աւելի վաղ ալ գրած ենք Անգարայի հայութեան համար աւանդական դարձած է ամենամեայ հանդիպում ունենալ Պոլսոյ Առաջնորդին հետ եւ այս տարի այդ հանդիպման առթիւ Գերապայծառն ու թեմական պատասխանատուները գաղափարը յղացած են տօնական օրերու առթիւ Պոլսահայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներու, վարչական պատասխանատուներու եւ աշակերտներու ընկերակցութեամբ Անգարա մեկնիլ եւ մօտէն ծանօթանալ տեղի համայնքի անդամներուն:
Մեր տուեալներով Գերապայծառ հօր ընդունած են Անգարայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներէն Յովհաննէս Հիզարօղլու եւ աւելի ուշ Առաջնորդ Սրբազանը մատուցած է Սուրբ պատարագ տալով յաւուր պատշաճի պատգամ մը: Յաջորդ օրը պատուիրակութեան անդամները այցելած են Թուրքիոյ կրթական նախարարութիւն եւ ընդունուած կրթութեան փոխ նախարար Օրհան Էրտէմի կողմէ: Ողջոյնի խօսքերու փոխանակումէն ետք պատուիրակութեան անդամները շրջած են նախարարութեան շէնքին մէջ ու ապա մեկնած Թուրքիոյ խորհրդարանի գլխաւոր շէնք եւ նոյնպէս արժանացած պատկան մարմիններու պատշաճ ընդունելութեան:
Ապա ներկաները խմբական նկար մը առնելէ ետք իր աւարտին հասցուցած են ծանօթացման այս շահեկան այցելութիւնը: Նշենք, որ սոյն այցի յաջողութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցած է Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի պատասխանատու անդամներէն ՝ Տիար Գարեգին Պարսամեան: Յիշեցնենք, որ Պոլսոյ մէջ կը գործեն Հայ Կաթողիկէ ՝ Բանկալթըի, Անարատ Յղութեան եւ Մխիթարեան վարժարանները: