Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Փեթակ» շաբաթօրեայ դպրոցը, օրերս, տօնած է հայկական մշակոյթի օրը: Դպրոցը նաեւ վայելած էր Արեւմտեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Երեմիա վրդ. Աբգարեանի հովուական այցելութիւնը:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճըլըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն։
Ստորեւ տրուած թղթակցութիւնը՝
Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Փեթակ» շաբաթօրեայ դպրոցը 2 Նոյեմբերին տօնեց հայկական մշակոյթի օրը: Շաբաթ մը առաջ, դպրոցը վայելած էր Արեւմտեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Երեմիա վրդ. Աբգարեանի հովուական այցելութիւնը:
Հայկական մշակոյթի նշումը « դպրոցի սաներուն եւ ծնողներուն ամէնէն սիրուած օրերէն մէկն է: Նոյնպէս այս տարի, հայրեր, մայրեր, ընտանիքի բարեկամներ դպրոցի գեղազարդ սրահը լեցուցին, մինչ աշակերտները դասարաններու մէջ կը կատարէին իրենց վերջին փորձը:
Ժամը ճիշդ 12ին, հանդէսը սկսաւ դաշնակահարուհի Էլմիրա Սիմոնեանի նուագով: Նախ, ամբողջ սրահը միասիրտ երգեց Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը (օրհներգը), ապա, դպրոցի տնօրէն Նորայր Տատուրեան ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց, ամփոփեց դպրոցին մէջ տարուած աշխատանքը եւ ըսաւ, թէ օրուան նիւթն է՝ «Աշունը եւ Հայաստանը»:
Տատուրեան ծնողներուն բացատրեց, թէ հայկական ինքնութեան եւ մշակոյթի պահպանման առաջին հասցէն տունն է, իսկ երկրորդը՝ հայեցի դաստիարակութեան բոյն «Փեթակ» դպրոցը՝ իր ջերմ, ընտանեկան եւ հայաշունչ միջավայրով:
Յայտագիրը սկսաւ աւագ դասարանի աշակերտներուն արտասանութեամբ եւ խօսքով: Երկու աշակերտուհիներ դաշնակի մեղմ նուագի մը ընկերակցութեամբ արտասանեցին Ն. Միքայէլեանի «Աշնան Պատկեր» ոտանաւորը: Նոյն դասարանէն չորս այլ աշակերտներ բեմ ելան եւ կարդացին իրենց գրած հայրենի բնանկարները, որուն անունը «Հայաստանը՝ չորս եղանակներ»ն էր: «Գարունը» բացատրեց, թէ ինք կը զարդարէ Հայաստանը: Երբ ինք ներկայ է՝ վարդաբոյր են հայրենի դաշտերը, վարդագոյն է Երեւանը: Ապա ան ըսաւ, թէ ինք Կոմիտասի ամէնէն սիրած եղանակն էր, «Գարուն ա, ձիւն ա արել…»: «Ամառը» ըսաւ, թէ ինք կը ջերմացնէ հայրենիքի ծիրանը եւ դեղձը, զանոնք դարձնելով՝ արեւահամ: «Ամառը» հպարտացաւ, թէ Սեւանը զուարթ է իրմով, իսկ, հակառակ իր փայլուն շողերուն՝ Մասիսը կը մնայ սպիտակափայլ: «Աշունը» բացատրեց, թէ ինք «Ոսկէ աշուն» է Հայաստանի մէջ: «Ամէնէն գեղեցիկն եմ ես, ըսաւ Աշունը, ոսկեգոյն են տերեւները, լեռները ոսկեգոյն են, Դիլիջանը ոսկեգոյն է, Գեղարդը՝ ոսկեգոյն: «Ձմեռը» բացատրեց, թէ ինք ձիւնով կը ծածկէ Հայաստանի լեռները եւ ձորերը: Սպիտակ է Մասիսը, սպիտակ է Արագածը: Ի՛նքն է, որ կը բերէ Ս. Ծնունդը եւ Կաղանդը:
Ապա, բոլոր աշակերտները ելան բեմ եւ երգեցին հայրենասիրական աշխոյժ երգեր. «Էսօր Ուրբաթ Է», «Կաքաւիկ», «Աշուն Է, Աշուն», «Ա-Բ-Գ», եւ արտասանեցին Խաչիկ Դաշտենցի «Մեր Շուրջը Լեզուներ Նոր Ու Հին» քերթուածը:
Եկաւ հանդէսին ամէնէն սիրուն պահը. մանկապարտէզի աշակերտները ծափողջոյններով, հանդիսապէս, թափօր մը կազմած՝ մտան սրահը: Անոնք իրենց մանկիկ ձեռքերուն մէջ բռնած էին լաւաշի, աղի եւ նռան ափսէներ:
Տնօրէն Տատուրեան բոլորին բացատրեց, թէ հայկական սեղանը իւրայատուկ է. սեղանին վրայ ներկայ են ծնողքը, մեծ հայրը եւ մեծ մայրը, սեղանին վրայ է հացը եւ գինին, սեղանին վրայ է մեր մայրենին, Ճաշակեսցուքը ու զուարթ երգը, այսինքն հայուն բոլոր գերագոյն սրբութիւնները: Տնօրէնին առաջարկով ամբողջ սրահը երգեց «Սեղանն Է Առատ» երգը, որպէսզի հայու սեղանէն պակաս չըլլան Աստուծոյ շնորհած բարիքները:
Յայտագիրը աւարտեցաւ Տէրունական աղօթքով: Ներկաները վայելեցին հայկական գաթան: Իսկ աշակերտները ցուցադրեցին իրենց ձեռքի աշխատանքը՝ փայտեայ նետ մը, որ զարդարուած էր հայկական տեսարաններով եւ քնարական տողերով:
Յայտագիրէն շաբաթ մը առաջ, Արեւմտեան թեմի առաջնորդական փոխանորդը հովուական այցելութիւն մը տուած էր «Փեթակ» դպրոցը եւ այցելած դասարանները, ունկնդիր ըլլալով դասաւանդութեան, մտերմիկ զրոյց ունենալով աշակերտներու հետ, ապա սրահին մէջ լսեց անոնց երգն ու աղօթքը: Երեմիա վրդ. Աբգարեան իր շուրջը առաւ աշակերտները եւ անոնց բացատրեց, թէ որքա՛ն կարեւոր է հայկական դպրոցը, մայրենի լեզուն եւ որքա՛ն սուրբ է հայկական ընտանիքը եւ աշակերտներուն նուիրեց ժողովրդական պատմուածքներու պատկերազարդ գիրքեր, խոստանալով պարբերաբար այցելել եւ վայելել դպրոցին բարի աշխատանքը եւ հանդէսները:
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)