Մինչ հետաքննութեան եզրակացութիւնները, սխալ կ՚ըլլայ Ղազախստանի մէջ օդանաւի վթարի պատճառներու մասին վարկածներ ներկայացնել, ըսած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը, հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն:
«Այս պահուն, ինչպէս ճիշդ ըսիք, կը կատարուի քննութիւն։ Ցանկացած օդանաւային միջադէպ պէտք է հետաքննուի համախմբուած օդագնացութեան մարմիններու կողմէ:
Իսկ նախաքննութեան եզրակացութիւններէն առաջ վարկածներ ներկայացնելը սխալ կ՚ըլլայ։ Մենք, ի հարկէ, չենք կրնար այդ ընել, եւ ոչ ոք պէտք է այդ ընէ»,- լրագրողներուն ըսած է Փեսքովը։
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ հաղորդած էինք, որ Ուքրանիոյ Ազգային անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան խորհուրդի ապատեղեկատւութեան դէմ պայքարի կեդրոնի ղեկավար Անտրէյ Քովալենքօն յայտարարած էր, որ Պաքուէն Կրոզնի թռչող «Azerbaijan Airlines»-ի Embraer 190 ինքնաթիռը խոցուած է ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի կողմէ:
Յիշեցնենք՝ վթարէն զոհուած է 38 մարդ, հիւանդանոց տեղափոխուած է 29-ը։