image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. ՖԻՆԻՒԼ-ի թիրախաւորումն ու միջազգային արձագանգումը

Ակնարկ «Ազդակ»էն. ՖԻՆԻՒԼ-ի թիրախաւորումն ու միջազգային արձագանգումը

Այսքանը  կրնար կիրարկելի ըլլալ նաեւ Հայաստանի համար. արդարօրէն  Երեւանէն ակնկալելի միջազգային ընտանիքի եւ անոր անդամ բոլոր պետութիւններու կողմէ: Այսքանը կրնար օրինաչափ թուիլ. Լիբանանը միշտ յայտարարութեամբ, պաշտօնական դիրքորոշումով եւ կոչով արձագանգած է Հայաստանի Հանրապետութեան դիմագրաւած նման իրավիճակներուն: Հետեւաբար կրակի դադրեցման կոչը, գերիշխանութեան պահպանման սկզբունքը եւ տարածքային ամբողջականութեան յարգումի մեկնակէտը օրինաչափ կէտեր կրնային նկատուիլ Երեւանէն հրապարակելի յայտարարութեան:

Իսրայէլեան ոտնձգութիւնները Լիբանանի դէմ սկսած են ստանալ միջազգային հնչեղութիւն, դատապարտման կարգով: Որքան ալ Իսրայէլը խստացնէ իր նախապայմանները կրակը դադրեցնելու, այդուհանդերձ պիտի ձեւաւորուի նոր բանաձեւ, նոր որոշում: Ներկայ պայմաններուն մէջ հաւանաբար վերախմբագրուած 1701 մը:

Հարաւային Լիբանանի մէջ միջազգային խաղաղապահ առաքելութեան ուժերուն ուղղութեամբ արձանագրուած իսրայէլեան ոտնձգութիւնը միջազգային բողոքի ալիք բարձրացուց: Այս խնդիրը տակաւին կը շարունակուի ալիքաւորուիլ` մեղադրանքներ հնչեցնելով Իսրայէլի հասցէին:

ՄԱԿ-ի կառոյցին հետ յայտնաբար Թել Աւիւի դիւանագիտութիւնը եւս խնդիրներ ունի: Կազայի պատերազմի սկզբնական շրջանին ՄԱԿ-ի մէջ Թել Աւիւի ներկայացուցիչը պահանջեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի հրաժարականը: Անոր հասցէին շարունակուեցան քննադատութիւնները նոյն շրջանակներուն կողմէ: Վերջերս պաշտօնապէս Իսրայէլը «անցանկալի անձնաւորութիւն» դասակարգումին մէջ տեղադրեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը:

Խաղաղապահ առաքելութեան տեղակայման վայրը յայտնաբար խնդիր է Իսրայէլի զինեալ ուժերուն համար. փաստօրէն անոնք կը պահանջեն հինգ քիլոմեթր անոնց ուժերու յետ քաշումը: Իսրայէլի մօտեցումը բնականաբար իրենց ստորաբաժանումներով այդ բացը լրացնելն է: Անվտանգութեան գօտիի ձեւաւորման առաջին փուլը, որ այս ձեւով կ՛առաջադրուի, բախեցաւ ՄԱԿ-ի ուժերու մերժումին: Անոնք յայտարարեցին, որ տեղաշարժուելու որեւէ պատճառ չկայ եւ պիտի յամենան մնալ իրենց դիրքերուն վրայ:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի վերջին նիստին Ֆրանսայի կողմէ հնչեց ուշագրաւ առաջարկ: Փարիզի ներկայացուցիչը առաջարկեց լիբանանեան բանակի տեղակայումը սահմանագիծին: Այդ մէկ կողմէ կ՛ենթադրէ Հըզպալլայի ուժերու յետքաշում, սակայն միաժամանակ կը կանխարգիլէ իսրայէլեան ուժերու իրենց կողմէ առաջադրուած գօտիի ձեւաւորումը: Ֆրանսայի առաջարկը մօտ է եւ համահունչ 1701-ին: Ի դէպ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին Պէյրութի մէջ կատարած յայտարարութիւնը ունէր երկու առանցք, որոնցմէ առաջինը կը վերաբերէր 1701-ը գործադրելուն: Հիմա ՄԱԿ-ի մէջ անոր նախաքայլը կ՛առաջարկուի:

Հայկական առումով արձանագրենք, որ պաշտօնական Երեւանը` իբրեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերուն մէջ մասնակցութիւն ունեցող երկիր, խստօրէն դատապարտեց ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնատեղիի թիրախաւորումը:

Ընդհանուր դիրքորոշումը ի սպառ կը բացակայի տակաւին: Պետական ընկալումով երկրի մը տարածքային ամբողջականութեան եւ ներխուժման փաստերը դատապարտելը առնուազն յայտարարողական եւ իրաւական առումներով մեր պարագային ապահովագրման նախադրեալներ կը պարփակէ: Օդային եւ ցամաքային ոտնձգութիւններու ենթարկուած է նաեւ Հայաստանը. նաեւ` ներխուժման: Այս երեւոյթներու դատապարտումը անուղղակիօրէն եւ ուղղակիօրէն կրնայ վերաբերիլ նաեւ Ազրպէյճանին: Մօտաւորապէս նման յայտարարութեան նախագիծ մը: Դատապարտել լիբանանեան գերիշխանութեան սպառնացող սահմանային ոտնձգութիւններն ու ներխուժման փորձերը, միաժամանակ կոչ ընելով կողմերուն դադրեցնելու կրակը, հակամարտութեան դիւանագիտական լուծումը գերադասելու: Խոր մտահոգութիւն արձանագրել տեղահանման տուն տուող  գաղթականական ալիքի բարձրացման նկատմամբ եւ հրամայական նկատել միջազգային օժանդակութեան ապահովումը:

«Ա.»