Օրերս, Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամները այցելութիւն տուած են թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Բերիոյ Թեմի դիմատետրեան էջէն, որ այս մասին կը գրէ՝
Չորեքշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2024-ի առաւօտուն, Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամները այցելութիւն տուին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս։
Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, Ս.Ե.Մ.-ի Կեդր. Վարչութեան անդամները անդրադարձան միութեան գործունէութիւններուն եւ հրաւիրեցին Սրբազան Հայրը Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան հիմնադրութեան 45-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան։
Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, գնահատեց Ս.Ե.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամները՝ իրենց տարած ազգանուէր գործունէութեան համար եւ առաւել ոյժ, կորով եւ յաջողութիւն մաղթեց Միութեան երիտասարդներուն։