image

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ երդիքին տակ «Մշակոյթի ու արուեստի զրոյցներ»

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ երդիքին տակ «Մշակոյթի ու արուեստի զրոյցներ»

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը նախաձեռնած է «մշակոյթի ու արուեստի զրոյցներ» շարք մը, պարբերաբար ընտրելով նիւթեր, որոնք կ'առնչուին պատմական այս թաղին։

Այս շարքի ծիրէն ներս վերջին հրապարակային զրոյցը նուիրուած էր կտաւի վրայ տպագրութեան արուեստին (եազմայի արուեստ) եւ հայ վարպետներու մեծ աւանդին՝ այս ճիւղին մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը պաշտօնի գլուխ գալէ ետք նախաձեռնարկ հանդիսացաւ «մշակոյթի ու արուեստի զրոյցներ» շարքի մը, պարբերաբար ընտրելով հետաքրքրական որեւէ նիւթ, որ այս կամ այն կերպով կ'առնչուի պատմական այս թաղին եւ մեծ հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ, քանի որ թէմաներուն մէջ առանցքայինը հայ մարդն է, հայ վարպետը կամ հայ արուեստագէտը։

Ամառնային կարճատեւ դադարէն ետք, զրոյցներու այս շարքը սկսաւ ժամադրուիլ մշակութասէրներու հետ։

Շաբաթ օր, 21 Դեկտեմբերի հրապարակային զրոյցը կտաւի վրայ տպագրութեան արուեստն էր (եազմայի արուեստ) եւ հայ վարպետներու մեծ աւանդը՝ այս ճիւղին մէջ։

Օրուան հիւրը Վելիէ Մարթըն էր՝ տպագրութեան արուեստը պահպանող եւ վառ պահող ամենակարեւոր անուններէն մէկը։ Զրուցավարն էր Տօքթ. Պէրքէն Տէօնէր։

Գուզկունճուքի Ատենապետ Մասիս Գույումճու եւ գործակից քանի մը ընկերներ տանտիրոջ հանգամանքով կը դիմաւորէին ժամանող մշակութասէրները։

Բացման խօսքը արտասանեց Բ. Ատենապետուհի Տիկին Գարին Ըշըքճը պատմելով որ ընտրուելէ ետք խոստացած էին եկեղեցական կեանքի հետ զուգահեռաբար թափ հաղորդել նաեւ մշակութային միջոցառումներու։ Այդ նպատակով է որ ձեռնարկեցին զրոյցներու այս շարքին որ սիրուեցաւ մշակութասէրներու կողմէ եւ լոյս սփռեց կարեւոր իրողութիւններու վրայ։

Օրուան գլխաւոր բանախօսը՝ Վելիէ Մարթը որ իր հասցուցած մասնագէտներէն Նուրկիւլ Ուսթայի հետ համապարփակ բանախօսութիւն մը պատրաստած էր «Սկիւտարի տպագրութեան արուեստն ու հայ վարպետները» թէմայի շուրջ, մանրամասն տեղեկութիւններ յայտնեց տարածքաշրջանին յատուկ տարրերով ու ձեւերով արտադրութեան մասին։

Ոգեկոչուեցան հայ վարպետներ, որոնք տպագրութեան արուեստի կաղապարներու պատրաստութեամբ փայլած են 19-20րդ դարերուն եւ որոնք իրենց հետքը թողած են պատմութեան մէջ։ Անոնցմէ էին վարպետ Հանըմեան, որ յատկապէս փնտռուած էր փայտեայ կաղապարագործութեան մէջ եւ որու ստեղծարար մօտեցումները բանաստեղծական ներշնչումներու առիթ հանդիսացած էին Պէտրի Ռահմի Էյուպօղլուի համար։

Բանախօսը անդրադարձաւ հայ վարպետներ Օհաննէս Քըլըչօղլուին՝ որ Գումգաբուի շրջանի վարպետներէն էր, վարպետ Կարպիսին, կաղապարներ պատրաստող Սարգիս վարպետին ու որդին՝ Վահէին որոնք ծագումով պուլկարահայեր էին եւ աշխատած էին Պէտրի Ռահմի Էյուպօղլուի հետ։ Ներկայացուեցաւ Արթին Ուսթան, որ ծանօթ է իր կիսալուսնի ու աստղային ձեռագրով եւ Թուրնայեան ընտանիքը՝ Սկիւտարէն։

Ներկաները մեծ ուշադրութեամբ ունկնդրեցին Գանտիլլիի մէջ արտադրուած հնաոճ ձեռագործ եկեղեցական վարագոյրներու ու տարբեր շրջաններէն տարբեր տպագրական թեքնիքով մը արտադրուած ձեռագրերու նմոյշներու մասին ծանօթութիւնները։

Վելիէ Մարթը որ աւանդական ձեռագիրը ուսումնասիրելու եւ արուեստին ժամանակակից մօտեցում մը շահեցնելու համար մեկնած էր Անատոլու, խօսեցաւ իր կատարած աշխատութիւններու մասին, ինչպիսին են Թոքաթը, Մարտինը, Գասթամօնուն եւ Հաթայը։

Ներկաներու միջեւ կը գտնուէր Սկիւտարի քաղաքապետութեան աշխատակիցներէն Սաքինէ Էրուզ, որ նաեւ Գուզկունճուք թաղի բնակիչ է։ Ան պատմեց Մահմուտ պէյ Չիվիսիզ մզկիթի զարդանախշերը վերականգնելու իրենց նախագծի մասին, յայտնելով որ ծրագիրը պիտի իրականացնեն Վելիէ Մարթըի հետ համագործակցաբար։

Գուզկունճուքի թաղապետը, «ՏԷՄ» կուսակցութեան ներկայացուցիչներ, զանազան հաստատութիւններէ եւ մամուլի ներկայացուցիչներ, այս ձեռնարկը վերածեցին արդիւնաւէտ զրոյցի մը։

Աւարտին խօսք առաւ Ատենապետ Մասիս Գույումճու, պատմեց որ արդիւնաւէտ աշխատանք կը տանին մշակութասէրները Գուզկունճուք պատմական թաղի անցեալին հետ հաղորդ պահելու եւ բովանդակալից ձեռնարկներ կազմակերպելու համար։ Ընդգծեց որ 17 հոգինոց կազմ մը ունին եւ համագործակցաբար կ'աշխատին ի շահ համայնքին։