Պաքըրգիւղի ընտանիքը, օրերս, փայլուն երեկոյթով մը հրաժեշտ տուած է Տատեան վարժարանի այս տարուան՝ 37 շրջանաւարտներու հունձքին։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն։
Ստորեւ տրուած թղթակցութիւնը՝
Տատեան վարժարանի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մէջ 26 Յունիս, Հինգշաբթի երեկոյեան հրաժեշտ տուաւ ընթացաւարտ դասարանի սաներուն։ Ներկայ գտնուեցան Ծնունդ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետուհի եւ անդամները, նախկին ուսուցիչներ, որոնք փոքր դասարաններուն դասաւանդած էին սաներուն, ուսուցչաց կազմը եւ ծնողներ։
Անոնք ջերմօրէն շրջապատեցին այս տարուան 37 հոգիէ բաղկացեալ հունձքը։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ երկու խոստմնալից աշակերտներ՝ Լարա Էօլչէն եւ Ատրիան Գուրանի կողմէ։ Սաները բեմ բարձրացան եւ գործադրեցին երաժշտութեան ելոյթ մը։ Ապա հրաժեշտի խօսքերը արտայայտուեցան հայերէն, թրքերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով։ Այս տարի առաջին անգամ գործադրուեցաւ վարժարանի դրօշակին փոխանցումը 8րդ դասարանէն 7րդ դասարան։ Այս արարողութիւնը սովորական պիտի դառնայ ու գործադրուի ամէն տարի։
Մրցանակաբաշխման համար բեմ բարձրացաւ միջնակարգի համակարգող Սիպէլ Արբաճըք, որ բեմ հրաւիրեց ատենապետուհի Օր. Մարի Եանճըն. ան «Սարայլը» մրցանակով վարձատրեց Արտէն Չիմէնը։ Վարժարանի առաջինը հանդիսացաւ Արտէն Չիմէնը եւ աղջիկներէն ալ Լարա Էօլչէնը, որոնք վարձատրուեցան Վարժարանի հիմնադրի ներկայայցուցիչ Ելիզ Էօղրէթի եւ Նուպար Մանաւեանի կողմէ ոսկեայ մատանիով եւ լամբակազարդով։
Տիկին Ելիզ յիշատակեց ազգային բարերար, հանգուցեալ Տիգրան Կիւլմէզկիլը, որուն բարի անունով անուանուած է հանդիսասրահը։ Ապա Ծնողաց Միութեան կողմէ պատրաստուած յուշանուէրները յանձնուեցան ատենապետուհի Մարալ Թօփճուի ձեռամբ։ Ուսուցչաց կազմն ալ նուիրեց վկայագիրներու կողքին վարժարանի խորհրդանիշով շապիկներ։
Փակման խօսքը արտասանեց վարժարանի տնօրէնուհին Տիկ. Երանուհի Պալճըն։ Ան մաղթեց ապագայի վերելք եւ նոր ուղիին վրայ յաջողութիւն։ Ան շեշտեց հայ վարժարաններուն անհրաժեշտութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն իրենց բոլոր տարուան ջանքերուն համար։ Յայտագիրը շարունակուեցաւ պարտէզին մէջ սարքուած մօտաւորապէս 300 հոգինոց ճաշկերոյթով եւ հատուած կարկանդակով։ Հաճելի երաժշտութեամբ փակուեցաւ գիշերը։