Ժողովուրդի կենսունակութիւնը կը չափուի ոչ միայն իր պատմական յիշողութեամբ, այլ նաեւ իր ներկայ կեանքի կազմակերպուածութեամբ եւ միասնական ոգիով։ Երբ համայնքը կը համախմբուի մէկ նպատակի շուրջ՝ պահպանելու իր լեզուն, մշակոյթը եւ արժէքները, այդ պահերը կը վերածուին ազգային ինքնութեան ամրապնդման կարեւոր հանգրուաններու։ Նման հանդիպումները պարզ միջոցառումներ չեն, այլ՝ գիտակցութեան վերանորոգում եւ հաւաքական կամքի վերահաստատում։
Անցնող 10 Ապրիլի երեկոյեան, Լիմասոլի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արժէքաւոր եւ ոգեշնչող հանդիպում մը, որ մէկտեղեց համայնքի զանազան շերտերը՝ մշակոյթի, կրթութեան եւ հոգեւոր կեանքի ներկայացուցիչները։
Երեկոյի գլխաւոր բանախօսն էր սրտաբան Տօքթ. Յակոբ Այթապլեան, որ իր խորաթափանց խօսքին մէջ շեշտեց հայոց լեզուի պահպանման եւ տարածման կենսական նշանակութիւնը։ Ան յստակօրէն ընդգծեց, թէ լեզուն միայն հաղորդակցութեան միջոց չէ, այլ մեր ինքնութեան առանցքն ու ազգային դիմագիծին հիմնասիւնն է։ Բացի այդ, ան անդրադարձաւ ազգային միասնականութեան կարեւորութեան՝ մատնանշելով, որ միայն համախմբուած կամքով եւ պահանջատէր ոգիով կարելի է դիմագրաւել մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ հետապնդել մեր արդար իրաւունքները։
Այնուհետեւ, «Գիր եւ Գրականութիւն» թանգարանի տնօրէն Սուզաննա Խոջամիրեան ներկայացուց թանգարանին գործունէութիւնը՝ լուսաբանելով անոր մշակութային առաքելութիւնը եւ հայ գրական ժառանգութեան պահպանման մէջ ունեցած դերը։
Գրական բաժինը եւս իր առանձնայատուկ տեղը ունեցաւ երեկոյին ընթացքին։ Իննա Խոջամիրեան ընթերցեց հատուածներ Աւետիք Իսահակեանի նամակներէն, ինչպէս նաեւ բանաստեղծութիւններ Զահրատէն եւ Յակոբ Այնթապլեանէն, որոնք հաղորդեցին գեղարուեստական եւ զգացական խորութիւն երեկոյին։
Հայր Սուրբը իր պատգամին մէջ ընդգծեց, որ Լիմասոլի հայ համայնքին մէջ միասնութիւնը դատարկ խօսք չէ, այլ ապրող իրականութիւն։ Ան յատկապէս արժեւորեց տարբեր կուսակցութիւններու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ եւ Նարեկ Հայկական վարժարանի անդամներու ներկայութիւնը՝ որպէս կենդանի վկայութիւն համախմբուածութեան եւ ազգային գիտակցութեան։
Երեկոն եզրափակուեցաւ ջերմ եւ բարեկամական մթնոլորտի մէջ՝ նուէրներու փոխանակումով, որ խորհրդանշեց փոխադարձ յարգանքն ու եղբայրասիրութիւնը։
Այսպիսի նախաձեռնութիւնները ոչ միայն կը զօրացնեն համայնքային կապերը, այլ նաեւ կը նպաստեն ազգային արժէքներու պահպանման եւ փոխանցման։ Թող նման հանդիպումները շարունակեն ոգեշնչել եւ ամրապնդել մեր ժողովուրդի միասնական ոգին։



