Լոյս տեսած է Ռ. Հատտէճեանի Պտոյտ մը Հայոց Լեզուի բառարանին մէջ տասներորդ հատորը: Այս հատորը կը բովանդակէ մեր լեզուի գեղեցկութեան եւ ծանօթացման նուիրուած յօդուածներու վերջին շարքը:
804 յօդուածներով հեղինակը պտոյտ մը ըրած է մեր լեզուի բառարաններուն եւ գեղեցկութիւններուն մէջ եւ եկած է այն եզրակացութեան, որ մենք որքան ալ մեր լեզուին տիրապետենք տակաւին շատ բան ունինք գիտնալու: