Ի գիտութիւն Արեւմտեան Թեմի մեր ժողովուրդի զաւակներուն այսու ուրախութեամբ կու գանք հաղորդելու, որ տնօրինութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, տարւոյս Յունիս եւ Յուլիս ամիսներուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գարեգին Ա. Կրթական Կեդրոնէն ներս սփիւռքահայ երիտասարդներու եւ քահանաներու երիտասարդ զաւակներու համար պիտի կազմակերպուին հայերէնի մասնաւոր դասընթացքներ: Նման նախաձեռնութիւն մը հրաշալի առիթ է եւ եզակի միջոց բոլոր այն երիտասարդներուն եւ քահանաներու երիտասարդ զաւակներուն համար, որոնք կարիքն ունին խորացնելու հայերէնի իրենց իմացութիւնը:
Քաջալերելով նման կարեւոր նախաձեռնութիւն մը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Յովնան Արք․ Տէրտէրեան արդէն այս մասին յանձնարարած է Արեւմտեան Թեմի հոգեւոր հովիւներուն տեղեակ պահել եւ քաջալերել համայնքներու երիտասարդութիւնը։ Բարձրաշնորհ Սրբազան հօր յորդորն է Թեմիս երիտասարդութեան լաւագոյնս օգտուիլ Մայր Աթոռի ընձեռած հայերէնի իմացութեան խորացման եզակի այս հնարաւորութենէն, միաժամանակ ծանօթանալով մեր Հայրենիքին, եւ Մայր Աթոռի ճամբով հաղորդուելու մեր պատմութեան եւ հոգեմտաւոր արժէքներուն հետ։
Յայտնենք, որ երթեւեկութեան եւ այլ անձնական ծախսերէն բացի Մայր Աթոռը սիրայօժար պիտի ապահովէ մասնակից երիտասարդներու կեցութիւնը։ Ծրագրին մասնակցող երիտասարդները պէտք է ըլլան 18-25 տարեկան։ Անոնք պէտք է ներկայացնեն բժշկական հաստատգիր եւ իրենց ծխական քահանայէն ստանան երաշխաւորագիր։ Բացի այդ, անոնք պէտք է ունենան նաեւ ճանապարհորդական եւ բժշկական ապահովագրութիւններ։
Մեր սոյն գրութեան կը կցենք Գարեգին Ա․ Կեդրոնէն առաքուած մասնաւոր թռուցիկը, ուր մանրամասն տեղեկութիւններ կան դասընթացքի մասին։ Կը յանձնարարենք, որ փափաքողներ արձանագրութեան համար անյապաղ դիմեն իրենց շրջաններու հոգեւոր հովիւներուն։
Դիւան Առաջնորդարանի
Ապրիլ, 2025