image

Պրիւքսէլի մէջ. Հայկական մշակոյթը ներկայացնող տաղաւար՝ Եւրոպական խորհրդարանի Ամանորեայ տօնավաճառին

Պրիւքսէլի մէջ. Հայկական մշակոյթը ներկայացնող տաղաւար՝ Եւրոպական խորհրդարանի Ամանորեայ տօնավաճառին

Պրիւքսէլի մէջ, օրերս,  Եւրոպական խորհրդարանի Ամանորեայ տօնավաճառին մասնակցած է հայկական մշակոյթն ու ձեռագործ աշխատանքները ներկայացնող «Արսլանեան» հիմնադրամի տաղաւարը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝

Եւրոպական խորհրդարանի Ամանորեայ տօնավաճառին ուշադրութիւն կը գրաւէ հայկական մշակոյթն ու ձեռագործ աշխատանքները ներկայացնող «Արսլանեան» հիմնադրամի տաղաւարը, որու ամբողջ հասոյթը պիտի յատկացուի կարիքաւոր հայ ընտանիքներուն, իսկ այս օրերուն՝ արցախահայերու կենցաղի բարելաւման, առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներու հայթայթման։

«Արսլանեան» հիմնադրամը ստեղծուած է Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի կարիքաւոր ընտանիքներուն աջակցութեան տարբեր միջոցներ տրամադրելու նպատակով։ Լարա Արսլանեան 2020-ին հիմնադրած է «Protect ARTsakh» բարեսիրական արուեստի առցանց աճուրդը, իսկ Անելքա եւ Լոռի Արսլանեան կը ղեկավարեն հիմնադրամը եւ այդ շրջանակին մէջ կ՚իրագործեն տարբեր ծրագրեր։

Եւրոպական խորհրդարանի Ամանորեայ տօնավաճառին մասնակցելէ առաջ, մէկ շաբաթ շարունակ բարեսիրական վաճառքը տեղի ունեցած է Պրիւսէլի ամէնէն բանուկ փողոցներէն մէկուն մէջ գտնուող հայ ճարտարապետի մը գրասենեակը։ Ան իր դռները սիրով բացած է՝ յանուն հայանպաստ գործի։