image
Հրատապ լուրեր:

Պլինքընի փափաքը. Տեսնուիլ Ուքրանիոյ նոր Արտաքին գործոց նախարարին հետ

Պլինքընի փափաքը. Տեսնուիլ Ուքրանիոյ նոր Արտաքին գործոց նախարարին հետ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն ցանկութիւն յայտնած է անձամբ հանդիպելու Ուքրանիոյ նոր Արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Սիպիկայի հետ։

«Անհամբերութեամբ կը սպասեմ անոր հետ հանդիպումը՝ առաջիկայ շաբաթներուն»,-Х-ին գրած է Պլինքըն։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարը աւելցուցած է, թէ Սիպիկան իր «վաղեմի գործընկերն է» եւ յոյս յայտնած, որ շարունակեն սերտ համագործակցութիւնը։

Ուքրանիոյ նոր Արտաքին գործոց նախարար Սիպիկան ալ իր հերթին Х-ին գրած է, թէ «գերազանց զրոյց » ունեցած է Պլինքընի հետ։

«Մենք քննարկած ենք ռազմական օգնութեան տրամադրումն արագացնելու, խաղաղութեան բանաձեւը խթանելու եւ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները խստացնելու մեթոտները»,- գրած է Սիպիկան՝ աւելցնելով, թէ Պլինքընի հետ կ'ակնկալէ սերտ համագործակցութիւն՝ «ընդհանուր ժողովրդավարական արժէքները պաշտպանելու ուղղութեամբ»։