image

Պլինքըն Ուաշինկթընի մէջ ընդունած է Իսրայէլի ընդդիմութեան առաջնորդ՝ Լափիտը

Պլինքըն Ուաշինկթընի մէջ ընդունած է Իսրայէլի ընդդիմութեան առաջնորդ՝ Լափիտը

Իսրայէլի խորհրդարանական ընդդիմութեան առաջնորդ Եաիր Լափիտ Ուաշինկթըն կատարած այցի ընթացքին հանդիպած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Անոնց զրոյցի հիմնական թեման Կազայի հատուածին մէջ պաղեստինեան արմատականներու մօտ պահուող պատանդներու ազատ արձակումն էր։ 

«Այսօր ես Ուաշինկթընի մէջ հանդիպեցայ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ, մենք քննարկեցինք առեւանգուածները վերադարձնելու միջազգային ջանքերը: Ես արտաքին գործոց նախարարին ըսի, որ Իսրայէլի բոլոր քաղաքացիները միասնական են՝ կոչ ընելով վերադարձնելու առեւանգուածները։ Միջազգային հանրութեան հետ միասին մենք պէտք չէ հանգստանանք, քանի դեռ չենք տեսած բոլորի տուն վերադարձը»,- գրած է Լափիտը X-ի էջին։

Լափիտ կը գլխաւորէ կեդրոնամէտ Yesh Atid կուսակցութիւնը, որ ունի ամենամեծ ընդդիմադիր խմբակցութիւնը Քնեսեթի (խորհրդարան) մէջ: Ան Իսրայէլի վարչապետի պաշտօնը զբաղցուցած է 2022 թուականի յուլիս-դեկտեմբեր ամիսներուն եւ այն կորսնցուցած է այդ տարեվերջին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք՝ պարտուելով կառավարութեան ներկայիս ղեկավար Բենիամին Նաթանիահուին: