image

Պլինքըն ու Ֆիտան քննարկած են Կազայի եւ Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակը

Պլինքըն ու Ֆիտան քննարկած են Կազայի եւ Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ հեռախօսով քննարկած է ուքրանական հակամարտութիւնը եւ Կազայի հատուածին մէջ տիրող իրավիճակը։

Այս մասին ԹԱՍՍ-ին յայտնած է Անգարայի մէջ դիւանագիտական աղբիւրը։

«Այսօր  Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հեռախօսազրոյց ունեցած է ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Կազայի հատուածի վերջին իրադարձութիւնները եւ Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակը։

Ֆիտան նշած է Կազայի հատուածի մէջ տեւական հրադադարի արագ ապահովման կարեւորութիւնը եւ ընդգծած, որ անհրաժեշտ է վերացնել տարածաշրջան մարդասիրական օգնութեան առաքման խոչընդոտները։

Ան ըսած է, որ Իսրայէլի յարձակումը Ռաֆահի վրայ անընդունելի է»,- ըսած է աղբիւրը։