Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յորդորած է դադրեցնել Հայաստանի վրայ իր սանձազերծած ռազմական գործողութիւնները:
Այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս: Ան դիտել տուած է, որ նախարար Պլինքըն 13 Սեպտեմբերի գիշերը զրուցած է Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի հետ՝ խոր մտահոգութիւն յայտնելով հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ ռազմական գործողութիւններուն, որոնց կարգին՝ Հայաստանի տարածքի ռմբակոծման վերաբերեալ:
«Նախարարը Ալիեւը յորդորեց դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները եւ ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգները կը ձգտի ռազմական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցման եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան խաղաղ լուծման», կ՛ըսուի բանբերին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Հետաքրքականն այն է, որ այս հաղորդագրութեան յաջորդած հաղորդագրութեան մէջ, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հեռախօսազրոյցի մասին է, ամերիկեան կողմը մարտական գործողութիւններու դադարեցման հասցէական կոչ չէ ըրած, այլ «վստահեցուցած է վարչապետ Փաշինեանին, որ Միացեալ Նահանգները պիտի ձգտի բախումներու դադարեցմանն ու Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման»։
«Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն գիշերը խօսած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ՝ խոր մտահոգութիւններ յայտնելով հայ-ատրպէյճանական սահմանի երկայնքով ռազմական գործողութիւններու, այդ շարքին Հայաստանի տարածքը հրետակոծելու առնչութեամբ։ Արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է ռազմական գործողութիւնները կասեցնելու անհրաժեշտութիւնը եւ վստահեցուցած է վարչապետ Փաշինեանին, որ Միացեալ Նահանգները ջանքեր պիտի գործադրէ կռիւը անյապաղ դադրեցնելու եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ հանգուցալուծման հասնելու ուղղութեամբ»,- նշուած է ամերիկեան հաղորդագրութեան մէջ։
Այս հաղորդագրութիւններով ամերիկեան կողմը յստակ ի ցոյց դրած է իր դիրքորոշումը տեղի ունեցող իրադարձութիւններու վերաբերեալ՝ ընդգծելով, որ այս բախումներու ժամանակ յարձակող կողմն Ատրպէյճանն է։