image

PKK Նոր Յարձակում Կատարած Է Հաքքարի Մէջ. Զինուորներ Սպաննուեցան

PKK  Նոր Յարձակում Կատարած Է Հաքքարի Մէջ.  Զինուորներ Սպաննուեցան

 Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»)      Զինեալ   բախումները  կը շարունակուին  Թուրքիոյ    Հարաւ Արեւելեան նահանգներուն մէջ: Այս մասին գրած է  «Տէյլի Սապահ»ը, որ նաեւ կը հաղորդէ,  որ  զինեալները  յարձակած են  զինուորական  զրահապատ  կառքի   մը վրայ եւ  գրոհին հետեւանքով  սպաննուած են   թուրք  3 զինուորներ: Յարձակումը   եղած է  ռումբերով եւ  ճամբու եզրին  թաքնուած   PKK-ի զինեալներ ռումբեր արձակած են    զրահապատ կառքին ուղղութեամբ: Շրջանին մէջ կացութիւնը կը շարունակէ մնալ  լարուած: