The Washington Post թերթին համաձայն՝ Սպիտակ Տան մէկ պաշտօնեան, անանուն մնալու պայմանով, յայտնած է, որ այս ուրբաթ օր հնարաւոր է, որ Սպիտակ Տան մէջ յայտարարուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի կնքման մասին։
Պարբերականը կը գրէ, որ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ այդ օրը Սպիտակ Տան մէջ պիտի հիւրընկալէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները՝ տասնամեակներ շարունակ հակամարտութեան մէջ գտնուող այս երկու ազգերուն միջեւ խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն շրջածիրէն ներս։
Հանդիպման մասին առաջին անգամ հաստատում տուած են Սպիտակ Տան երկու բարձր մակարդակի պաշտօնեաներ։ Թերթը այս հանդիպումը կը ներկայացնէ որպէս Թրամփի կողմէ միջազգային հակամարտութիւններու վերջ դնելու եւ այդ նպատակով գովասանք շահելու վերջին օրինակ։
Պարբերականը նաեւ կը յիշեցնէ, որ ընտրութիւններէն առաջ, Թրամփ իր Truth Social հարթակին մէջ, 2024-ի հոկտեմբերեան գրառման մը մէջ, անդրադարձած է էթնիք զտման ենթարկուած արցախցիներուն՝ խոստանալով «պաշտպանել հալածուող քրիստոնեաները»։ Ան նաեւ քննադատած էր իր քաղաքական մրցակից Քամալա Հարիսը, «ոչինչ ընելու համար, այն պայմաններուն մէջ, երբ 120,000 հայ քրիստոնեաներ սարսափելի կերպով հալածուած եւ բռնի տեղահանուած են»։
Թրամփ յայտարարած էր, թէ իր նպատակն է կանգնեցնել բռնութիւնն ու էթնիք զտումները, ինչպէս նաեւ վերականգնել խաղաղութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։
The Washington Post կ՚աւելցնէ, որ Թրամփ առաջադրուած է Նոպէլի խաղաղութեան մրցանակի՝ բազմաթիւ համաշխարհային ղեկավարներու կողմէ։ Ըստ թերթին՝ այս քայլով անոնք միաժամանակ գովաբանած են Թրամփի խաղաղապահ նախաձեռնութիւնները եւ փորձած շահիլ անոր համակրանքը։