Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի տեսաուղերձ հրապարակած է Կոսթոմելի օդակայանէն, ուրկէ երկու տարի առաջ՝ 24 փետրուար, 2022 թուականին, փաստացի մեկնարկեց պատերազմը, առաջին մարտերը՝ ուքրանական բանակի եւ ռուս ռազմական անկարգելորդներու միջեւ։
«Ճիշդ այստեղէն պէտք է սկսեր այն «Քիեւն ու Ուքրանիան 3 օրուայ մէջ»։ Երկու տարի առաջ այստեղ մենք թշնամական անկարգելորդը դիմաւորեցինք կրակով։ Երկու տարի անց այստեղ կը դիմաւորենք մեր բարեկամներն ու գործընկերները», - յայտարարած է Զելենսքին՝ հաւաստիացնելով՝ «պիտի յաղթենք»։