«Մենք կարեւոր ճնշումներ կ'իրականացնենք, ամերիկեան պատասխանատու մարմիններուն մօտ Սուրիահութեան օժանդակութիւններ ապահովհելու համար»,- «Արեւելք»ին ըսաւ Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան: Յովսէփեան, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչն է նաեւ, նշեց, որ օրերս Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին կարեւոր անդրադարձ եղած է Սուրիահայութեան ունեցած մարդասիրական կարիքներուն վերաբերեալ: Յովսէփեան պատասխանելով մեր հարցումին, որ արդեօ՞ք իրենց գործադրած ճնշումները գետնի վրայ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենան պահպանելու համար Հալէպի եւ այլ շրջաններու հայութեան անվտանգութիւնը, ըսաւ. «Մեծ յաւակնութիւններ չունինք, որ այս ճնշումներու ճամբով կարելի պիտի ըլլայ պահպանել հայութեան անվտանգութեան խնդիրը, բայց մեր ճիգերը պիտի շարունակենք» նշեց ան: Յովսէփեան, որ նոր կը վերադառնար Ուաշինկթընի մէջ կայացած ժողովէն, նաեւ յիշեցուց, որ իրենք այդ հանդիպումներուն ընթացքին ամերիկեան կողմին պարզած են, որ ԱՄՆ-էն դէպի Սուրիա եւ այլ երկիրներ ուղղարկուած օժանդակութիւնները չեն հասնիր Սուրիոյ մէջ կամ Սուրիայէն դուրս գտնուող եւ գաղթական դարձած հայորդիներուն: Ամերիկահայ պատասխանատուն խօսելով Միջին Արեւելքի մէջ գտնուող հայ եւ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու անվտանգութեան խնդիրներուն մասին, նկատել տուաւ, որ հակառակ անոր, որ ամերիկեան կողմին մօտ փոքրամասնութիւններուն հանդէպ վերաբերմունքի եւ մտահոգութեան պակաս կայ, իրենք փորձած են այս խնդրին վրայ լոյս սփռելով յաւելեալ ուշադրութիւն պահանջել ամերիկեան կողմէն: Աւարտին Վիգէն Յովսէփեան նշեց, որ ամերիկահայութիւնը իր տարբեր թեւերով եւ միութիւններով պիտի շարունակէ իր օժանդակութեան ձեռքը մեկնել Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով ծանր դրութեան մատնուած սուրիահայութեան: Վիգէն Յովսէփեանի ՝«Արեւելք»ին տուած հարցազրոյցը կարդալու համար սեղմել ՝ այստեղ: