Ծննդաբերելու նպատակով Միացեալ Նահանգներ զբօսաշրջային վիզայով չի թոյլատրուիր մեկնիլ։ Այս մասին յայտնած են Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն։
«Ձեր զբօսաշրջային վիզան չի թոյլատրուիր օգտագործել Միացեալ Նահանգներուն մէջ ծննդաբերելու եւ նորածինին Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիութիւն ապահովելու նպատակով։ Վիզայի դիմումը քննող հիւպատոսական պաշտօնեան կրնայ մերժել վիզայի տրամադրումը, եթէ հիմքեր ունի կարծելու, որ կը մեկնիք ծննդաբերութեան նպատակով»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։