image

Խան Եունէս Վիրաւորուած մարտիկի դիմադրութեան տեսանիւթը ցնցեց համացանցը (Տեսանիւթ)

Խան Եունէս Վիրաւորուած մարտիկի  դիմադրութեան տեսանիւթը  ցնցեց համացանցը (Տեսանիւթ)

Պաղեստինի դիմադրութեան «Համաս» շարժումի զինեալները առասպելային եւ հերոսական կեցուածքներով կը շարունակեն զարմացնել աշխարհը։ Օրերս անոնց քաջարի կեցուածքները տարածուած է ամէն դի եւ դիմաւորուած մեծ հիացմամբ։ 

Տարածուած տեսանիւթին մէջ «Համաս»ի զինեալը եւ հակառակ վիրաւորուած ըլլալու կը դիմադրէ մինչեւ վերջին շունչ եւ զոհ կ՚երթայ իսրայէլեան թանկի հարուածներուն…։

Մանրամասնութիւնները ստորեւ՝ 

 Ընկերային ցանցերու վրայ լայն արձագանգ եւ գտաւ տեսանիւթ մը, ուր երեւելի կը դառնայ «Համաս»ի ծանրօրէն վիրաւորուած զինեալին մինչեւ վերջին շունչ դիմադրելու արարքը։

 Դէպքը տեղի ունեցած է Կազային «Խան Եունէս» շրջանին մէջ, երբ իսրայէլեան թանկ մը նախ կրակ կը բանայ, ապա նկատելով զինեալին պայքարելու վճռակամութիւնը կը մօտենայ անոր ու տեղն ու տեղը կը սպաննէ… 

 Ըստ «Ալ Ճազիրա»օ կայանին զինեալը յենած էր «Յասին-105» ականանետին փորձելով հարուածել «Մերքաւա» տանկը, մինչ այդ վերջինը իր թրթռիչներով կ՚անցնի անոր վրայ, դեռ ողջ մնացած վիճակին։ Տեսարանը կը խորհրդանշէ պաղեստինեան դիմադրութեան մարտիկներուն յամառութիւնը եւ քաջութիւնը՝ իսրայէլեան պատերազմական մեքենային դէմ։

«Քասամ»ի ջոկատները իրենց յայտարարութեան մէջ, որ տարածեցին «Թելեկրամ»-ով, հաղորդեցին թէ անցեալ չորեքշաբթի օր հարուածած են թշնամիի նորակառոյց դիրք մը՝ Խան Եունուսի հարաւ-արեւելքին, օգտագործելով մէկ վաշտէ բաղկացած հետեւակային ուժ։

Յայտարարութեան համաձայն՝ մարտիկները ներթափանցած են դիրքը, բախում ունեցած իսրայէլացի զինուորներուն, եւ թիրախ դարձուցած են «Մերքաւա 4» տանկեր՝ «Շուազ» պայթուցիկներով եւ «Յասին-105» ականանետերով։ Անոնք նաեւ գնդակահարած են այն տուները, ուր թաքնուած էին զինուորներ։

«Քասամ» աւելցուց, որ իրենց անդամները խոցած են շրջակայ դիրքերը մի քանի ականանետով՝ կտրելու համար օգնութեան հասնելու ճամբաները։ Հետագային ալ իրենք խոցած են գործողութեան վայրը՝ ապահովելու համար իրենց անվտանգ նահանջը։

 Ըստ հաղորդագրութեան՝ գործողութիւնը տեւած է քանի մը ժամ, իսկ «Քասամ»ի մարտիկները նկատած են նաեւ իսրայէլեան ուղղաթիռներու վայրէջքը՝ վիրաւորներու տարհանման համար։

 

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը