image

Պիտի շարունակենք աշխատիլ Հայաստանի հետ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերով․ Ճեյմս Օ՛Պրայըն

Պիտի շարունակենք աշխատիլ Հայաստանի հետ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերով․ Ճեյմս Օ՛Պրայըն

Հայաստանի քաղաքական զարգացումները կ՚արտացոլեն Հայաստանի ժողովուրդի ժողովրդավարական յաւակնութիւնները։ Այս մասին Երեւանի մէջ կայացած Հայաստան-ԱՄՆ ռազմավարական երկխօսութեան նիստի ժամանակ ունեցած ելոյթին ըսած է Միացեալ Նահանգներու Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով արտաքին գործոց փոխնախարար Ճէյմս Օ՛Պրայընը։ 

«Մեզի համար ոգեւորիչ է տեսնել այն մեծ քայլերը, որոնք կառավարութիւնը կատարած է, որոշները նաեւ մեր աջակցութեամբ՝ իրաւունքի գերակայութիւնը դարձնելով հիմնարար, պայքարելով փտածութեան դէմ, հնարաւորութիւն տալով մարդոց իրենց դիրքորոշումները ժողովրդավար կերպով յայտնելու։ Մենք կ՚աջակցինք այս բոլոր ջանքերուն»,- նշած է Օ՛Պրայըն։

Ան աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգները նաեւ կ՚աջակցի տարածաշրջանին մէջ տեւական խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն, ինչպէս նաեւ կ՚աշխատի տնտեսական հնարաւորութիւններու ընդլայնման ուղղութեամբ։

«Գիտենք, որ Հայաստանի համար անվտանգութիւնը, բարեկեցութիւնը, ժողովրդավարութիւնը կողք կողքի գոյութիւն ունին։ Այդ ուղղութիւններով իրականացուող բոլոր ջանքերուն կ՚աջակցինք։ Մենք կ՚աջակցինք նաեւ տեւական խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն։ Մենք կ՚աշխատինք տնտեսական հնարաւորութիւններու ընդլայնման ուղղութեամբ՝ Կեդրոնական Ասիայէն մինչեւ Միջերկրական ծով։ Եթէ տեւական խաղաղութիւն ըլլայ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ, ապա այդ հնարաւորութիւններն աւելի լայն կ՚ըլլան»,- մանրամասնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարարը։

Ան յիշեցուցած է, որ վերջերս Հայաստան այցելած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարարներէն Պրենտոն Եոտըրը, որ կը համակարգէ թմրամիջոցներու դէմ պայքարի եւ իրաւապահ համագործակցութեան հարցերը։

«Մենք պիտի շարունակենք արդարադատութեան բարեփոխումներու ոլորտի մէջ աշխատանքները։ Մենք նաեւ պաշտպանութեան, անվտանգութեան հարցերով պիտի շարունակենք աշխատիլ։ Նախորդ տարի տեղի ունեցաւ մեր համատեղ առաջին զօրավարժութիւնը, մենք կը սպասենք աւելիին։ Կ՚ակնկալենք աշխատիլ «սայպըր» անվտանգութեան, սահմաններու, ուժանիւթի, պարէնային անվտանգութեան ոլորտներու մէջ։ Մենք պատրաստ ենք աջակցելու Հայաստանին։ Մեր ծրագիրն այն է, որ այս ռազմավարական երկխօսութիւնը փոխարինենք ռազմավարական գործընկերութեան յանձնաժողովով, որ հնարաւորութիւն կու տայ աւելի մեծ խորութեամբ կառուցելու փոխգործակցութիւնը»,- եզրափակած է Ճէյմս Օ՛Պրայըն։