image

Փութինը հարուածած է Եւրոպայի ամենացաւոտ կէտին. Bloomberg

Փութինը հարուածած է Եւրոպայի ամենացաւոտ կէտին. Bloomberg

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կրցած է հարուածել Եւրոպայի ամենացաւոտ կէտին՝ ուժանիւթին, վառելանիւթի գիներու աճը յանգեցուցած է բարձր սղաճի եւ Արեւմուտքի մէջ տնտեսական անկման, կը գրէ Bloomberg-ը։

«Չնայած այն հանգամանքին, որ Եւրոմիութիւնը յառաջ կը քաշէ Ռուսիոյ դէմ ամենախիստ սահմանափակումները, այնուամենայնիւ կ'աճի փոխզիջումներու թիւը՝ սկսած նաւթամուղով նաւթի մատակարարումներու զիջումներէն մինչեւ պատրիարք Քիրիլի պատժամիջոցային ցուցակէն հանելը», կ'ըսուի հրապարակման մէջ։

Bloomberg-ը կը կարծէ, որ Ռուսիոյ դէմ տնտեսական պատերազմը պառակտած է ԵՄ-ն, քանի որ երկիրները «յոգնած են պատժամիջոցներէն»։

«Ֆինանսական զէնքը անկատար գործիք է, որ կը գործէ ընտրովի եւ կը յանգեցնէ անկանխատեսելի հետեւանքներու», կը նշուի յօդուածին մէջ։

Bloomberg Economics-ի գնահատմամբ՝ այս տարի Ռուսիոյ նաւթի եւ կազի եկամուտները կը կազմեն մօտ 285 միլիառ տոլար։

«Անոր աւելցուցէք այլ ապրանքներ, եւ այդ կը գերազանցէ պատժամիջոցներու տակ սառեցուած ռուսական արժութային պահուստներու 300 միլիառ տոլարը», եզրափակած է յօդուածին հեղինակը։