Եթէ այն, ինչը մենք երէկ պայմանաւորուեցանք, իր տրամաբանութենէն չշեղի, ապա մենք յառաջիկային «հայկական խաչմերուկի» ծրագրի շրջածիրէն ներս, մասնաւորապէս, երկաթուղիներու վերականգնման ոլորտին մէջ մեծ ներդրումներու անհրաժեշտութիւն կրնանք ունենալ: Այս մասին, այսօր՝ 24 նոյեմբերին, կառավարութեան նիստին յայտարարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Ուրախալի է, որ մենք այդ հնարաւորութիւնն ունենք: Ի հարկէ, դա մի ծրագիր է, որ համոզուած եմ, որ բոլոր դէպքերում միջազգային գործընկերները մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն: Խօսքը հետեւեալի մասին է, որ Ռուսաստանի նախագահի հետ երէկ ունեցած բանակցութիւնների ընթացքում, մենք որոշակի ազդակներ ստացանք, որ կարող է լինել էական եւ լուրջ հնարաւորութիւն, որ մենք նորից վերադառնանք ու սկսենք Հորադիզ-Մեղրի-Օրդուբադ-Սադարակ-Երասխ երկաթուղիի վերականգնման աշխատանքը»,-ըսած է ան:
Փաշինեան նաեւ նկատած է. «Նախորդ դառը փորձը հաշուի առնելով, նորից ուզում եմ տեղեկատւութիւնը կիսել, բայց ասել, որ դեռեւս պէտք է այս ամէն ինչը վերահաստատուի եւ արձանագրուի, բայց լաւն այն է, որ մենք ֆինանսական հնարաւորութիւնների պրոբլեմ (խնդիր) չենք ունենայ», -ըսած է Փաշինեան։
Կառավարութեան վերջին նիստի ժամանակ խօսելով Երասխ-Ճուլֆա-Օրդուբադ-Մեղրի-Հորադիզ երկաթուղիի վերականգնման աշխատանքներու մասին, որու պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերուած էր 2021 թուականի 14 դեկտեմբերին Պրիւքսէլի մէջ, Փաշինեան տեղեկացուցածղ էր, որ Ատրպէյճանի նախագահը դրժած է այդ պայմանաւորուածութիւնը։
«Մի քանի օր անց Ալիեւն ինք է հրաժարուել պայմանաւորուածութիւնն ամրագրող փաստաթղթի ստորագրումից։ Ես պաշտօնապէս յայտարարում եմ, որ այսօր էլ պատրաստ եմ ստորագրել այս պայմանաւորուածութիւնը ամրագրող փաստաթուղթը», - ըսած է վարչապետը՝ շեշտելով՝ Ատրպէյճանն է որ կը հրաժարի նոր հաղորդակցութեան միջոցներու կառուցման առաջարկէն, որ Հայաստանը գրաւոր ձեւակերպած է եւ Ատրպէյճանին փոխանցած դեռ 2021 թուականի դեկտեմբերին։
Ատրպէյճանի հետ կապը վերականգնելու համար Հայաստանը Մեղրիի հատուածին մէջ 45 քիլոմեթրանոց երկաթգիծ պէտք է կառուցէր, կառավարութեան հաշուարկով, սա մօտ 200 միլիոն տոլար պիտի արժէար։