image

Փութին ընդունած է Ռամզան Քատիրովին որդին

Փութին ընդունած է Ռամզան Քատիրովին որդին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ոչ պաշտօնական հանդիպում ունեցած է Չեչնիոյ Հանրապետութեան «Առաջիններու շարժում» համառուսաստանեան հասարակական-պետական երիտասարդական շարժման տարածաշրջանային մասնաճիւղի խորհուրդի ղեկավար Ահմատ Քատիրովի հետ, որ Չեչնիոյ ղեկավար Ռամզան Քատիրովի որդին է։

Փութինի հետ որդիի հանդիպման մասին յայտնած է Ռամզան Քատիրովը՝ իր թելեկրամեան էջով:

«Ոչ պաշտօնական հանդիպում տեղի ունեցած է, որու ժամանակ Չեչնիոյ Հանրապետութեան առաջին նախագահի թոռնիկը պատմած է Չեչնիոյ մէջ երիտասարդական քաղաքականութեան մասին, սակայն զրոյցը մեծ մասամբ վերաբերած է Ահմատ-Հաճի Քատիրովին (Ռամզան Քատիրովի հօրը-խմբ․)»,- գրած է  Քատիրով։

Ան նշած է, որ Փութին իր որդիին հետ բաժնեկցած է անձնական փորձով՝ պատմելով սկզբունքներու եւ ապագայի տեսլականի, բարեկամութեան մասին։

«Փութինը բազմաթիւ խորհուրդներ տուած է՝ ընդգծելով Ահմատ պապի ուղին շարունակելու կարեւորութիւնը՝ եղած յաջողութիւնները բազմապատկելու համար»,- գրած է Ռամզան Քատիրով։

Ան աւելցուցած է, որ Վլատիմիր Փութինը իր որդին շնորհաւորած է՝ առաջիկային կայանալիք ամուսնութեան կապակցութեամբ։