Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ոչ պաշտօնական հանդիպում ունեցած է Չեչնիոյ Հանրապետութեան «Առաջիններու շարժում» համառուսաստանեան հասարակական-պետական երիտասարդական շարժման տարածաշրջանային մասնաճիւղի խորհուրդի ղեկավար Ահմատ Քատիրովի հետ, որ Չեչնիոյ ղեկավար Ռամզան Քատիրովի որդին է։
Փութինի հետ որդիի հանդիպման մասին յայտնած է Ռամզան Քատիրովը՝ իր թելեկրամեան էջով:
«Ոչ պաշտօնական հանդիպում տեղի ունեցած է, որու ժամանակ Չեչնիոյ Հանրապետութեան առաջին նախագահի թոռնիկը պատմած է Չեչնիոյ մէջ երիտասարդական քաղաքականութեան մասին, սակայն զրոյցը մեծ մասամբ վերաբերած է Ահմատ-Հաճի Քատիրովին (Ռամզան Քատիրովի հօրը-խմբ․)»,- գրած է Քատիրով։
Ան նշած է, որ Փութին իր որդիին հետ բաժնեկցած է անձնական փորձով՝ պատմելով սկզբունքներու եւ ապագայի տեսլականի, բարեկամութեան մասին։
«Փութինը բազմաթիւ խորհուրդներ տուած է՝ ընդգծելով Ահմատ պապի ուղին շարունակելու կարեւորութիւնը՝ եղած յաջողութիւնները բազմապատկելու համար»,- գրած է Ռամզան Քատիրով։
Ան աւելցուցած է, որ Վլատիմիր Փութինը իր որդին շնորհաւորած է՝ առաջիկային կայանալիք ամուսնութեան կապակցութեամբ։