image

Փութին յայտնած է՝ երբ պիտի հանդիպի Էրտողանի հետ

Փութին յայտնած է՝ երբ պիտի հանդիպի Էրտողանի հետ

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ յուլիսին Աստանայի մէջ պիտի հանդիպի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի հետ։

«Ես կը խնդրէի փոխանցել իմ բարեմաղթանքները նախագահ Էրտողանին: Յուսով եմ, որ մօտ ապագային՝ յուլիս 3-4-ին, որքան գիտեմ, ան պէտք է ըլլայ Աստանայի մէջ՝ միջազգային միջոցառման շրջածիրէն ներս, եւ մենք հնարաւորութիւն պիտի ունենանք հանդիպելու անոր հետ եւ քննարկելու բոլոր ընթացիկ խնդիրները»,-ըսած է Փութին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ հանդիպման։