Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց Տոնեցքի Ժողովրդական Հանրապետութեան եւ Լուկանսքի Ժողովրդական Հանրապետութեան անյապաղ ճանաչման մասին:
Անկէ ետք համագործակցութեան մասին փաստաթուղթեր ստորագրուեցան Փութինի եւ ՏԺՀ ղեկավար Տենիս Փուշիլինի ու ԼԺՀ ղեկավար Լէոնիտ Փասեչնիքի միջեւ:
Այսօր Դաշնային խորհուրդի փակ նիստին մէջ պիտի քննարկուի ՏԺՀ-ի եւ ԼԺՀ-ի ճանաչման հարցը:
Աւելի վաղ այս խնդրանքով Ռուսաստանի ղեկավարին դիմած էին ինքնահռչակ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի ժողովրդական հանրապետութիւններուն ղեկավարները: Երկուշաբթի օր կայացած նիստին ընթացքին Անվտանգութեան խորհուրդի անդամները պաշտպանած են այս նախաձեռնութիւնը` նշելով, որ Ուքրանիան Ռուսաստանին այլընտրանք չէ թողած:
Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին Ազգային անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան խորհուրդի նիստ հրաւիրած է:
«Ռուսաստանի Դաշնութեան Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին հնչեցուած յայտարարութիւններուն առիթով ես հրատապ խորհրդակցութիւններ կատարեցի Էմանուել Մաքրոնի եւ Օլաֆ Շոլցի հետ եւ Ազգային անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան խորհուրդի նիստ հրաւիրեցի», կ'ըսուի հաղորդագրութեան մէջ։