Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ՝ Վլատիմիր Փութին հեռախօսազրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի հետ, որու ընթացքին շնորհաւորած է Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւը՝ տարեդարձին օրուան առթիւ։
Արծարծուած են նաեւ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու միջեւ եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու գործնական իրականացման որոշ հարցեր՝ կապուած, մասնաւորապէս, հայ-ատրպէյճանական սահմանի անվտանգութեան ապահովման հետ։