Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին շնորհաւորած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան յաղթանակի առթիւ։
Համապատասխան գրառումը Իրանի Արտաքին գործոց նախարարն ըրած է հայերէնով՝ X-ի իր էջին։
«Շնորհաւորում եմ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնների յաջող անցկացման եւ վարչապետ պարոն Նիկոլ Փաշինեանի ու նրա գլխաւորած կուսակցութեան յաղթանակի կապակցութեամբ։ Ուրախ ենք, որ ստեղծուել են լաւ յարաբերութիւններ՝ շարունակելու Իրան-Հայաստան յարաբերութիւններում ձեւաւորուած դրական ու դինամիկ ընթացքի ամրապնդմանը միտուած կառուցողական համագործակցութիւնը»,-գրած է Արաքչին՝ աւելցնելով, որ Իրանն իր հարեւաններուն առաջնահերթիւն կու տայ։