image

Փութին-Շառլ Միշէլ քննարկում. Թեման Ղարաբաղն է

Փութին-Շառլ Միշէլ  քննարկում. Թեման Ղարաբաղն է

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երկար հեռախօսազրոյց ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի հետ:

Անդրադարձ եղած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման թեմային, այդ շարքին` հաշուի առնելով Վլատիմիր Փութինի եւ Շառլ Միշէլի վերջին շփումները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ: Վերահաստատուած է 2020թ․ Նոյեմբեր 9-ին, 2021թ. Յունուար 11-ին եւ Նոյեմբեր 26-ին Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի միջեւ հիմնարար եռակողմ համաձայնագրերու հետեւողական իրականացման կարեւորութիւնը:

Այդ ծիրին մէջ Ռուսաստանի նախագահը յայտարարած է տնտեսական եւ ճանապարհային կապերու վերականգնման ծրագրերու իրականացման, ինչպէս նաեւ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման գործընթացի գործարկման ու երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի մշակման հարցով բանակցութիւններուն ուղղուած ձեռնարկուող քայլերուն մասին», կ'ըսուի յայտարարութեան մէջ: