image

Պայրամով-Ֆիտան քննարկում. Առանցքը Ուաշինկթընի համաձայնութիւնն է

Պայրամով-Ֆիտան քննարկում. Առանցքը Ուաշինկթընի համաձայնութիւնն է

Օգոստոս 8-ին հեռաձայնային զրոյց մը տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի միջեւ։

Ինչպէս կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, Թուրքիոյ ԱԳ նախարարը սրտանց շնորհաւորած է Պայրամովը Ուաշինկթընի մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած պատմական յաջողութիւններուն առիթով։

Ընդգծուած է, որ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին մասնակցութեամբ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու կողմէ ստորագրուած համատեղ յայտարարութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունին շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման համար։

Նշուած է, որ խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրումը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի գործընթացի եւ համապատասխան կառոյցներու լուծարման համատեղ կոչը կարեւոր ներդրում է խաղաղութեան մէջ։

Զրոյցի ընթացքին քննարկուած են նաեւ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններէն բխող հարցեր, ինչպէս նաեւ շրջանի եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրէն ներս համագործակցութիւնը։