image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստան-Իրան-Հնդկաստան՝ քննարկում. Թեման՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ն էր

Հայաստան-Իրան-Հնդկաստան՝ քննարկում. Թեման՝ «Խաղաղութեան  խաչմերուկ»ն  էր

Իրանի հիւրընկալութեամբ կայացած է Հայաստանի Հանրապետութեան, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Հնդկաստանի Հանրապետութեան արտաքին գերատեսչութիւններու տարածաշրջանային վարչութիւններու ղեկավարներու մակարդակով երրորդ եռակողմ հանդիպումը։ Իրանական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան Հարաւային Ասիոյ հարցերով գլխաւոր տնօրէն Մոհամմատ Ռեզա Պահրամի, հնդկական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Հնդկաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան Փաքիստանի, Աֆղանիստանի եւ Իրանի տարածքային գլխաւոր վարչութեան պետ Անանտ Փրաքաշ, իսկ հայկական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան Ասիոյ եւ խաղաղ ովկիանոսեան երկիրներու վարչութեան պետ Անահիտ Կարապետեան։ Այս մասին յայտնած են ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութենէն:

Կողմերը գոհունակութիւն յայտնած են եռակողմ հանդիպման կանոնաւոր եւ տարեկան կայացման կապակցութեամբ: Ամփոփուած է 2023-ի ապրիլին Երեւանի մէջ կայացած առաջին հանդիպման եւ 2024-ի դեկտեմբերին Նիւ Տելհիի մէջ կայացած երկրորդ հանդիպման ընթացքին ընդունուած որոշումներուն հետեւանքով գրանցուած առաջընթացը։ Կողմերը նաեւ ընդգծած են նշուած հանդիպումներուն հետեւանքով սահմանուած նպատակներու իրականացման կարեւորութիւնը՝ փոխադարձ շահերը երաշխաւորելու եւ տարածաշրջանի բարգաւաճումն ու բարեկեցութիւնը խթանելու նպատակով։

Հանդիպման ընթացքին կողմերն ընդգծած են համագործակցութեան ընդլայնման եւ խորացման կարեւորութիւնը՝ մասնաւորապէս հաղորդակցութիւններու, Հիւսիս-Հարաւ միջազգային փոխադրային միջանցքի (INSTC), ինչպէս նաեւ Հայաստանի «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծի ծիրէն ներս՝ այդ նպատակով օգտագործելով Չապահարի նաւահանգիստի ռազմավարական դիրքը։ Կողմերը նաեւ քննարկած եւ կարեւորած են տնտեսական, առեւտրային, մշակութային, ժողովուրդներու միջեւ կապերու եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ ոլորտներու մէջ յարաբերութիւններու զարգացման ուղղուած նախաձեռնութիւնները։