 
                    Միացեալ Նահանգներու նախագահը մեկնաբանած է Վլատիմիր Փութինի յայտարարութիւնը 13,000 քմ-էն աւելի հեռահարութեամբ ռուսական հրթիռի փորձարկման մասին։
«Անոնք գիտեն, որ մենք ունինք միջուկային սուզանաւ՝ աշխարհի լաւագոյնը՝ անմիջապէս իրենց ափերու մօտ։ Այնպէս որ, մեզի պէտք չէ 8,000 մղոն թռող հրթիռ։ Անոնք մեզի հետ խաղեր չեն կրնար խաղար, եւ մենք անոնց հետ խաղեր չենք խաղար», -յայտարարած է Տանըլտ Թրամփը լրագրողներու հարցերուն պատասխանելիս:
Ան ըսած է, որ Միացեալ Նահանգները անընդհատ հրթիռներու փորձարկումներ կ՚ընէ եւ իր կարծիքով Փութինի համար տեղին չէ նման յայտարարութիւններ ընելը։ «Ան պէտք է աւարտէ պատերազմը, որ պէտք է տեւէր մէկ շաբաթ, եւ այժմ կը մօտենայ իր չորրորդ տարուան։ Ահա թէ ինչ պէտք է ընի ան, այլ ոչ թէ հրթիռներ փորձարկէ», -ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը։