Մենք մեծ նշանակութիւն կու տանք Պաքուի հետ դաշնակցային յարաբերութիւններուն: Այս մասին, մայիս 28-ին Ատրպէյճանի մէջ նշուող Անկախութեան օրուան կապակցութեամբ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին ուղղուած իր շնորհաւորական նամակին մէջ ըսած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը։
«Վստահ եմ, որ համատեղ ջանքերով մենք պիտի շարունակենք համակարգուած կերպով խթանել երկկողմ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը բոլոր ոլորտներու մէջ, ինչպէս նաեւ ջանքերու համակարգումը տարածաշրջանային հարցերով, որ, անկասկած, կը համապատասխանէ մեր բարեկամ ժողովուրդներու շահերուն եւ համահունչ է անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդման Հարաւային Կովկասի եւ Կասպից ծովու մէջ»,- նշած է Ռուսիոյ Դաշնութեան առաջնորդը։