Յունուար 20-21-ին Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան ՓԾ ճգնաժամային կառավարման ազգային կեդրոնը 39 ահազանգ ստացած է հանրապետութեան տարբեր տարածքներու մէջ արգելափակուած ինքնաշարժներու վերաբերեալ:
Մասնաւորապէս՝ Գեղարքունիքի մարզի Գաւառ եւ Սեւան, Սիւնիքի մարզի Սիսիան, Գորիս, Կապան, Քաջարան քաղաքներուն, Տաթեւ գիւղին, Արագածոտնի մարզի Ապարան քաղաքին, Հարթավան գիւղին, Կոտայքի մարզի Աբովեան, Ծաղկաձոր եւ Չարենցաւան քաղաքներուն, Առինջ, Ջրվէժ գիւղերուն, Վայոց ձորի մարզի Վայք, Եղրգնաձոր քաղաքներու եւ Շիրակի մարզի Կիւմրի քաղաքին, Ամասիա, Աշոցք, Ախուրեան, Շիրակ գիւղերուն մէջ, Քուչակ-Ծաղկաշէն, Գետափ-Մարտունի, Երեւան-Մեղրի, Ամասիա-Ցողամարգ, Ապարան-Լուսագիւղ, Ապարան-Սարալանջ ճանապարհներուն։
Դէպքի վայր ժամանած փրկարարները արգելափակումէն դուրս բերած են 50 ինքնաշարժ եւ 80 քաղաքայինի ցուցաբերած են համապատասխան օգնութիւն։